2014-12-19 08:42:34

«100 կարիքաւոր ընտանիքներու 100 սնտուկ ուտեստեղէն եւ նուէրներ» բարեսիրական ծրագիր Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին։


Դեկտեմբեր 17, 2014-ին մեկնարկեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «100 կարիքաւոր ընտանիքներու 100 սնտուկ ուտեստեղէն եւ նուէրներ» բարեսիրական ծրագիրը: Ծրագիրը մաս կը կազմէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն: Անոր կազմակերպումը ստանձնած է վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի Հոգեւոր խմբակը, հսկողութեամբ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի:
Ըստ ծրագրին, անցած օրերուն Մեսրոպեան վարժարանի բոլոր դասարաններուն աշակերտները ուտեստեղէնի եւ անհրաժեշտ պիտոյքներու տեսքով նուիրատուութիւններ կատարեցին կարիքաւոր ընտանիքներու: Նուէրները տեղադրուեցան 100 սնտուկներու մէջ, որոնք պիտի բաժնուին Ս. Ծննդեան տօնին նախօրեակին:
Ծրագրի կազմակերպիչները, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստի, Հայր Ղազարի եւ Հոգեւոր խմբակի խորհրդատու ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ իր օրհնութիւնը շնորհեց այս գովելի նախաձեռնութեան: Հոգեւոր տէրը բարձրօրէն գնահատեց աշակերտներու այլասիրութիւնը եւ տօնական օրերուն առիթով ուրախութեան եւ նեցուկի կարիք ունեցող մարդոց հանդէպ անոնց ցուցաբերած կարեկից մօտեցումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.