2014-12-17 08:48:58

Հայաստանի կառավարութիւնը մտահոգ է Տոլարի տատանումներով։


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Կառավարութիւնը մտահոգուած է տոլարի դիմաց դրամի տատանումներով եւ այս առնչութեամբ քննարկում պիտի կատարէ։ Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը՝ նշելով, որ ներկայ դրութեամբ կառավարութիւնը ունի Հայաստանի ազգային դրամի կայունացման խնդիր:
«Մենք իսկապէս մտահոգուած ենք», հաստատած է Դաւիթ Յարութիւնեան, որ լուծումներու առնչութեամբ հարցումի մը պատասխանելով յայտնած է, որ ճիշդ չի նկատեր այդ մասին խօսիլը նախքան Ազգային ժողովի քննարկումները։
«Գնաճը էական ազդեցութիւն ունի, եւ բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք մենք ունէինք, նախատեսել էինք, բնականաբար, դժուարանում է դրանց կեանքի կոչելը», դիտել տուած է Դաւիթ Յարութիւնեան:
Նախարարին համաձայն՝ ներկայ դրութեամբ կան որոշակի խուճապային տրամադրութիւններ. «Կը լինեն քայլեր, լուծումներ, որոնց մասին, ես կարծում եմ, շուտով կը խօսենք»:
Ան համաձայն չէ գտնուած այն դիտարկման, որ խուճապային տրամադրութիւնները որոշ հիմք ունին՝ ըսելով, որ «խուճապը միշտ չէ, որ ունի հիմք»:
Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարը դիտել տուած է, որ չի կրնար հաստատել, որ երկրին մէջ արժեթուղթերու առուծախ տեղի կ՛ունենայ. «Դրա մասին խօսելու համար պէտք է ձեռքի տակ թուեր ունենալ: Ես այդ թուերին չեմ տիրապետում»:
Նշուած էր, որ Կեդրոնական դրամատունը չի կրնար զսպել կարգ մը մարդոց ախորժակը՝ տոլար գնելու առնչութեամբ. այս հարցումին ի պատասխան՝ Դաւիթ Յարութիւնեան ըսած է, որ չի կարծեր, թէ խօսքը այդ մասին է: Ան յայտնած է, որ Ազգային ժողովը պիտի փորձէ կարելին ընել որոշ կայունութիւն հաստատելու համար՝ հաստատելով սակայն, որ Ազգային ժողովը նման հարցեր քննարկելու մասնագիտացած մարմին չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.