(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի 17 դեկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Քահանայապետը բոլորեց իր 78 ամեակը։ Աւազանի անունով՝ Եորկէ Մարիա Պերկոլիոյ
ծնած է 17 դեկտեմբեր 1936-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, իտալացի ծնողներէ (Բիէմոնթէէն)։Քահանայ
ձեռնադրուած է 13 դեկտեմբեր 1969-ին եւ 22 Ապրիլ 1973-ին, որպէս Յիսուսեան միաբան, կատարած
է իր մշտնջենաւոր ուխտերը։ 20 մայիս 1992-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը
զինք կ՛անուանէ Պուէնոս Այրէսի տեղապահ եպիսկոպոս ապա 1988-ի փետրուարին կը դառնայ Արժանթինի
արեւելեան ծէսի հաւատացեալներու առաջնորդ։
Կարդինալ կ՛անուանուի 2001-ի փետրուար
21-ին։ 13 մարտ 2013-ին, Պապընտիր կարդինալական ժողովը զինք կ՛ընտրէ որպէս Սուրբ Պետրոսի
266-րդ յաջորդ։ Ընտրութենէն անմիջապէս ետք սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու
հոծ բազմութեան ներկայանալով Ասիզացիի աղքատիկ սուրբին` Ֆրանչիսկոս անունով, Քահանայապետը
կը յայտնէ թէ ինք եկած է աշխարհի ծայրէն ու խոնարհաբար կը ծնրադրէ ու ժողովուրդէն կը
խնդրէ որ օրհնեն զինք որպէս իրենց եպիսկոպոսը, սկիզբ տալով Եորկէ Մարիա Պերկոլիոյի քահանայապետութեան
որ մինչեւ օրս յատկանշուած է խոնարհութեան, ողորմածութեան, պարզութեան, աղքատներու եւ
կարիքաւորներու հանդէպ մեծ ուշադրութեան ու նաեւ մշտատեւ այն խնդրանքով իրեն համար աղօթելու
եւ աղքատներու համար աղքատ Եկեղեցի մը ունենալու իղձով։ Բարի տարեդարձ Ֆրանչիսկոս`
ողորմութեան Քահանայապետ։