Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի նոր անդամներու նշանակում։
(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի` 17 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Քահանայապետը` մարտ 2014-ին հաստատած անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբին
նոր անդամներ նշանակեց, ընտրուած աշխարհի զանազան վայրերէն որպէս բազմազան մշակոյթներու
եւ իրողութիւններու ներկայացուցիչներ։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Յանձնախումբի անդամներուն ընդհանուր թիւն է 17-ը ներառեալ նախագահն ու քարտուղարը։
Յանձնախումբի նախագահն է Կարդինալ Օմալլէյը իսկ քարտուղարն է գերապայծառ Ռոպեր Օլիվէր։ Յանձնախումբին
մաս կը կազմեն 9 կիներ որոնցմէ երկուքը կրօնաւորուհիներ են եւ 7 այր մարդիկ որոնցմէ 5-ը
քահանաներ են, իսկ երկու այլ անդամները մանկամոլութեան զոհ երկու անձեր են որոնք յանձնառու
են ու կը պայքարին մանկամոլութեան դէմ։ Յանձնախումբը իր լիանիստ հաւաքը կը գումարէ
յառաջիկայ 2015-ի փետրուար 6էն 8ը։