«Թալեպան»ի մէկ յարձակումը 141 զոհ կը խլէ Փաքիստանի մէջ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, «Թալեպան» շարժումի անդամ 7 զինեալներ յարձակած են Փաքիստանի
հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող Փեշաուարի վարժարաններէն մէկուն վրայ, որ բանակի
հովանիին տակ կը գործէ։ Զինեալները սպաննած են 1-10րդ դասարանի առնուազն 132 աշակերտներ,
ինչպէս նաեւ՝ 9 պաշտօնեաներ։ Վիրաւորուած են այլ 121աշակերտներ եւ երեք պաշտօնեաներ:
Բանակի միջամտութեամբ աւարտած է յարձակումը, որուն ընթացքին սպաննուած են նաեւ «Թալեպան»ի
անդամ 7 զինեալները։ «Թալեպան» ստանձնած է արարքին պատասխանատուութիւնը՝ զայն հակադարձութիւն
մը համարելով Փաքիստանի բանակին կողմէ նոյն շարժման շարք մը անդամներու սպանութեան։