2014-12-16 08:57:22

Քիրքուքի կառավարիչը 25 Դեկտեմբերը տօնական օր հռչակած է ի նշան քրիստոնեաներուն հետ զօրակցութեան ։


(Ռ.Վ. 16 դեկտեմբեր 2014) Քիւրտիստան մարզի կառավարիչը` Նէչմեդին Քարիմ, 25 Դեկտեմբերը ( Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնը) հռչակած է որպէս տօնական օր, հրապարակաւ դրսեւորելու կառավարութեան ու ընկերութեան զօրակցութիւնը հանդէպ քրիստոնեաներուն։ Այդ օրը մարզի բոլոր բնակիչները արձակուրդ պիտի կատարեն։ Կառավարիչը այդ առթիւ գովքը հիւսած է Պատրիարք Սաքոյին ու Քաղդէացի եկեղեցւոյ տածած օգտաշատ յանձնառումին` պահպանելու ու ամրապնդելու համակեցութիւնը երկրի ցեղային ու կրօնական զանազան մարմիններու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.