2014-12-15 10:15:00

ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի հովուական այցը Հռոմի ''San Giuseppe all'Aurelio'' ժողովրդապետութեան։


(Ռ.Վ.15 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի` 14 Դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը չորսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կատարեց Հռոմի ''San Giuseppe all'Aurelio'' ժողովրդապետութեան ուր հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետութեան թաղական խորհուրդի զանազան մարմիններուն հետ, ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարեց հինգ հաւատացեալներուն եւ ժամը 6-ին գլխաւորեց ս. Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը կեդրոնացաւ սուրբ Ծնունդի ուրախութեան վրայ որ է – ըսաւ Ան – աշխարհիկ ուրախութենէն տարբեր ու յատուկ ուրախութիւն մը` որ կը դրոշմէ քրիտոնեային կեանքը, նոյնիսկ դժուար պահերուն. ուրախութիւն մը որ կը դառնայ խաղաղութիւն։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց Սուրբ Պօղոս առաքեալի թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած թուղթին որուն մէջ կը թելադրէ ` ''միշտ աղօթել եւ ամէն բանի մէջ Աստուծոյ գոհութիւն տալ'', ու ասկէ մեկնելով Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Քրիստոնեային ուրախութեան վրայ որ կը գտնուի ''աղօթքի եւ զԱստուած փառաբանելուն մէջ''։ Ան ապա մատնանշեց ամէն մէկ քրիստոնեայի կոչումին որ է ընդառաջ երթալ դէպի կարիքաւորները անոնց տանելով խաղաղութիւնը, Յիսուսի օրհնութիւնը որ հոգիները կը սփոփէ։ Ասոր համար - շեշտեց Քահանայապետը - հարկ է աղօթել ու գոհաբանութիւն մատուցել Տիրոջ Անորմէ խնդրելով որ մեզի շնորհէ ս. Ծննդեան իսկական ուրախութիւնը։
Նախքան Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ կրօնուսուցումի պատանիներուն հետ ու անոնց հետ խօսելով պատմեց իր պատանեկան շրջանի սուրբ հաղորդութեան խորհուրդի պատրաստութեան փորձառութիւնը հրաւիրելով զանոնք երբեք չմոռնալ առաջին ս. Հաղորդութեան թուականը։
Սրբազան Հայրը ապա ժողովրդապետութեան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ խումբ մը գնչուներու հետ, ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ քաջալերեց` երբեք չկորսնցնել յոյսը եւ վստահիլ Տիրոջ ու ապա հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը։ ։
Սրբազան Հայրը հուսկ հանդիպեցաւ ժողովրդապետութեան անդամ հիւանդներուն հետ խրախուսելով զանոնք համբերութեամբ վկայել Աստուծոյ սէրը։ Դուք – ըսաւ Սրբազան Հայրը - ձեր կեանքով եւ ձեր տառապանքներով ու համբերութեամբ յարատեւ կը կենդանացնէք Եկեղեցին։ Դուք Եկեղեցւոյ ուժն էք։
Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ 2014-ին կնքուած մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն հետ յայտնելով թէ ''մանուկի մը լացը Աստուծոյ ձայնն է'' եւ թէ երբ մանուկ մը լայ կամ եկեղեցւոյ մէջ հանգիստ չի նստի պէտք չէ երբեք զայն վտարել եկեղեցիէն դուրս ''մանուկը միշտ յոյսի եւ ապագայի նշան է'' հաստատեց Քահանայապետը իր խօսքին մէջ որուն աւարտին բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.