2014-12-15 08:37:53

Սրբազան Քահանայապետին նամակը ուղղուած ''Լաթինայի'' շրջանի բանտարկեալներուն։


(Ռ.Վ.15 դեկտեմբեր 2014) Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նամակ մը յղած է Հռոմէն ոչ հեռու ''Լաթինա'' շրջանի բանտարկեալներուն որուն մէջ գրած է` ''Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Լաթինայի շրջանի։ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող բնակի ձեր սրտերուն մէջ։ Նախ եւ առաջ ներողամիտ եղէք եթէ շուտով չպատասխանեցի ձեզմէ շատերուն ուղղած նամակներուն, բայց եւ այնպէս ձեզի կը վստահացնեմ, որ ձեր պոռթկումներու ու մտմտանքներու ընթերցումը ինծի համար մեծ սփոփանք մը եղաւ։
Չկարողանալով անհատաբար պատասխանել ձեր իւրաքանչիւրին նամակին, պիտի ուզենայի որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կարդայ այս նամակը որպէս իրեն ուղղուած առանձնական նամակ։
Ուրախ եմ որ իմ գրութիւնս ձեզի կը հասնի, Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին նախօրեակին, բոլորիս ամենէն հաճելի տօնը։ Յիսուս ուրիշ բան չուզեր եթէ ոչ ծնանիլ ձեր իւրաքանչիւրին սրտի մսուրին մէջ։
Մաղթանքս է որ ձեր ապրած ու ապրելիք ժամանակը բանտին մէջ, չըլլայ կորսուած ժամանակ մը կամ ժամանակաւոր պատիժ մը, այլ ըլլայ առիթ աճումի`վերագտնելու սրտի խաղաղութիւնը եւ վերածնելու ուժ Տիրոջ յոյսով, որ բնաւ յուսախաբ չի թողուր։
Ուրախ եմ որ ձեզմէ շատերը հաւատքի ճամբու վրայ կ’ընթանան մատրանապետ տէր Նիքոլային հետ։ Կը քաջալերեմ ձեզ յարատեւելու այս ընթացքին մէջ։ Այս նամակիս հետ միասին ձեզի կ՛ուղարկեմ խորհրդատետր մը, որպէսզի մօտէն ու ամէն օր ճանչնաք Տէրը` ճշմարիտ ու ազդու բժիշկը ձեր վէրքերուն, առօրեայ հաւատարիմ բարեկամը ու հարկաւոր սնունդը ձեր փրկութեան ու ազատագրումին, որ ոչ իսկ ատեանի թակոցները կարող են Անոր արգելք կենալ։
Սիրելիներ, վստահ եղէք որ ձեզի մօտ եմ եւ կ’աղօթեմ ձեզի համար, խնդրելով Տիրոջմէն որ ձեզ սփոփէ իր խաղաղութեամբ ու քաղցր ներկայութեամբ։ Նոյնպէս մօտ եմ ձեր պարագաներուն ու ձեր սիրելիներուն։ Անոնց հաղորդեցէք իմ մօտիկութիւնս ու կ’օրհնեմ զանոնք։ Խաղաղութեան Իշխանը,` Յիսուս Քրիստոս ձեզ լիացնէ իր Ծննդեան ուրախութեամբ ու պարգեւատրէ ձեզ շրջապատող բոլոր անձերը` բանտապահները, կամաւորները ու ձեր Տնօրինուին։ Անարատ Յղացեալ Ամենասուրբ Կոյս Մարեամը թող ձեզ պաշտպանէ իր մայրական հովանիին ներքեւ։
Ձեզմէ կը խնդեմ աղօթել ինծի համար։
Ֆրանչիսկոս`
Վատիկան 8 Դեկտեմբեր 2014։








All the contents on this site are copyrighted ©.