2014-12-15 10:24:16

Խրուաթ եպիսկոպոսներու պատգամը նուիրեալ անձերու կրօնաւորներու տարւոյն առթիւ։


(Ռ.Վ.15 դեկտեմբեր 2014) ''Աւետարանի ուրախութիւնը ապրիլ կը նշանակէ Աստուածային կոչումը ազատութեամբ ապրիլ եւ լաւապէս ըմբռնել կրօնական միաբանութեան խարիսմը'', կը կարդանք Խրուաթ եպիսկոպոսներու պատգամին մէջ, ուղղուած կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն, նուիրեալ անձերու տարւոյն առթիւ։
Նշենք որ ‘’Անձինք Նուիրեալք’’ տարին սկիզբ առաւ անցեալ 30 Նոյեմբերին եւ պիտի եզրափակուի 2 Փետրուար 2016-ին, Տեառնընդառաջի տօնին օրը։
Պատգամին մէջ եպիսկոպոսները կը յորդորեն նուիրեալ անձերը բացուելու Ս. Հոգւոյն ներգործութեան։ Աստուծոյ հաւատալը հիմնական է։ Կրօնաւորին գործն ու առաքելութիւնը պէտք է պտուղը ըլլայ անոր ապրուած հաւատքին։ Կրօնաւորը կանչուած է ըլլալու տեսանելի նշանը Աստուծոյ ներկայութեան ընկերութեան մէջ։ Խրուաթիայի եկեղեցին կրօնաւորական տարին պէտք է նկատէ բարեբեր երկրի հաւատքի յառաջդիմութեան ու ամրապնդման ու առիթ` աւելի արժէքաւորելու կրօնաւորական կոչումը։
Պատգամին աւարտին եպիսկոպոսները կը յայտնեն որ յառաջիկայ 14 Մարտ 2015-ին ազգային ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպուի ''Marija Bistrica'' սրբավայրին մէջ, ուր առիթ պիտի ըլլայ շփում հաստատել կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.