Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է աւելի քան 20 լրագրող, լրատումիջոցներու աշխատակիցներ`
հեռուստաընկերութեան եւ թերթի շէնքերուն մէջ խուզարկութիւններէ ետք: Այս մասին կը հաղորդէ
Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով BBC-ին: Ըստ աղբիւրին, այդ լրատուամիջոցները կապ ունին
ԱՄՆ-ի մէջ բնակուող ընդդիմադիր քարոզիչ Ֆեթուլահ Կիւլէնի հետ: Խուզարկութիւններ կատարուած
են Ստամպուլի եւ 12 այլ քաղաքու մէջ: Ձերբակալուածներուն մէջ են Samanyolu մետիախումբի
ղեկավարը եւ Zaman թերթի խմբագիրը: Զանոնք ձերբակալած են անօրինական կազմակերպութիւն
ստեղեծելու եւ երկրին մէջ իշխանութիւնը զաւթելու կասկածանքով: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան
եւ Կիւլեն քաղաքական հակառակորդներ են եւ, վերլուծաբաններու կարծիքով, խուզարկութիւններուն
միջոցով իշխանութիւնները կ՛ուզեն լռեցնել կիւլենականները: Լրագրողներու ձերբակալութիւնները
“կը հակասեն եւրոպական արժէքներուն եւ չափորոշիչներուն, որոնց մաս կը ցանկանայ դառնալ
Թուրքիան”,- ըստ Tert.am-ի՝ ըսուած է ԵՄ արտաքին հարցերով յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի
ու եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով եւրայանձնակատար Եոհաննէս Հանի
համատեղ յայտարարութեան մէջ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ խօսքի ազատութիւնը ու
դատարաններու անկախութիւնը առողջ ժողովրդավարութեան հիմնական տարրերն են եւ ատիկա կ՛ապահովուի
Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ: ԵՄ ներկայացուցիչները արդար քննութեան յոյս կը յայտնեն: Տեղի
ունեցած ձերբակալութիւններուն անդրադարձած է նաեւ ԱՄՆ ԱԳ նախարարութեան ներկայացուցիչ
Ճեն Փսաքին: “Որպէս Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից` մենք իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընենք
երաշխաւորել, որ իրենց գործողութիւնները չեն խախտեր ժողովրդավարութեան հիմքերը”,- աւելցուցած
է Փսաքին: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու, մեկնաբանելով լրագրողներու եւ ոստիկանութեան
սպաներու վերջին ձերբակալութիւնները, յայտարարած է, թէ որոշ քայլեր ձեռնարկուած են` “պետութեան
մէջ պետութիւն ստեղծելու” դէմ: “Այն անձերու գործողութիւնները, որոնք թափանցած են
կառավարութիւն ու գաղտնալսած են նախագահին ու վարչապետին մասնաւոր զրոյցները, անպատասխան
պիտի չմնան: Մեր պարտքն է պաշտպանել այն, ինչ մեզի տրուած է ժողովուրդին կամքով”, – ըսած
է Տաւութօղլու: