2014-12-15 10:01:11

Եունան պատրիարքի գնահատումով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները զոհ են աշխարհի անտարբերութեան։


(Ռ.Վ.15 դեկտեմբեր 2014) Ասորի կաթողիկէներու պատրիարք` գերերջանիկ Ինքնատիոս Եուսէֆ Գ Եունանը անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ գլխաւորեց Ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը, որուն աւարտին հանդիպում ունեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Ան Ռատիովատիկանին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին ըսաւ. ''Խորապէս յուզուած ենք ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն։
Առաջին անգամն է որ մեր փոքրաթիւ եկեղեցին կարողացաւ ժողովել շուրջ 400 հաւատացեալներ, կրօնաւորուհիներ, կրօնաւորներ, քահանաներ, եպիսկոպոսներ։ Հետեւաբար մեզի համար եղաւ պատմական դէպք մը։ Սրբազան Քահանայապետը իր հայրական հրապոյրով բոլորիս համար օրհնաբեր եղաւ։

Մենք ներկայիս կ’ապրինք ահռելի վիճակ մը, նշել տուաւ Պատրիարքը ։ Մեր եկեղեցին անցեալին ճանչցաւ հալածանք, տեղահանում, ինչպէս պատահեցաւ 1915-ին, որուն հարիւրամեակի ոգեկոչման կը պատրաստուինք։ Այս անգամ սակայն կ’ապրինք սարսափազդու ու ահաւոր կացութիւն մը, ուր արմատախիլ եղած է ամբողջ մեր համայնքը իր հաւատացեալներով ու կեղերով։
Մարդկօրէն խօսելով կատարեալ ողբերգութեան մը մէջ կը գտնուինք յաչս անտարբեր ու լուր միջազգային հասարակութեան։
Սուրիան ու Իրաքը մեր մայրենի հողերն են, մենք այդ հողերուն վրայ գաղթականներ չենք, անոնք մեր պապենական հողերն են։ Եթէ կը հալածուինք պարզապէս որովհետեւ հաւատարիմ կը մնանք Աւետարանին ու Քրիստոսին։ Մոլեռանդ ու ծայրայեղ մահմետականները չեն ուզեր ճանչնալ ուրիշը, կը մերժեն երկխօսութիւնը։ Հզօր պետութիւնները ճանչնալով հանդերձ իրականութիւնը լուր կը մնան որովհետեւ իրենց շահերը այդ կը պահանջեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.