2014-12-14 09:34:05

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Իտալիոյ վարչապետ Մաթթէօ Ռենցիին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռ.Վ.14 դեկտեմբեր 2014) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ 13 դեկտեմբեր 2014ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ վարչապետ Մաթթէօ Ռենցիին որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթին։

Հանդիպումները կայացան սիրալիր մթնոլորտի մէջ որոնց ընթացքին շեշտը դրուեցաւ ներկայ ժամանակաշրջանի տնտեսական եւ ընկերային տագնապի մասին ու անոնց ժխտական հետեւանքներուն, յատկապէս անդրադառնալով նոր սերունդի կազմաւորումի կարեւորութեան։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ յատկապէս մտահոգութիւն յայտնելով Միջին Արեւելքի տագնապալից կացութեան մասին։

Յատուկ ակնարկ կատարուեցաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սդրազպուրկ կատարած այցելութեան ընթացքին արտասանած ճառերու պարունակութեան, որոնք կը հանդիսանան եւրոպայի ժողովուրդներուն ներդաշնակ զարգացումի հիմք, հուսկ կողմերը նորոգեցին իրենց երկկողմանի յանձնառումը, շարունակելու իրենց փոխադարձ համագործակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.