2014-12-14 11:54:15

Երեխաներու Օրհնութիւն Վատիկան՝ Ս. Պետրոս Հրապարակին վրայ։


(Ռ.Վ.14 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 14 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրի, Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետական Փոխանորդ, Վատիկանի Մայր Տաճարի Խոստովանարանի Մատրան խորանին վրայ նախագահեց Ս. Պատարագին, որ մատուցուեցաւ մասնակցութեամբ այն պատանիներուն, որոնք ապա ներկայ գտնուեցան Հրեշտակ Տեառնի աւանդական աղօթքին, ուր Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց Յիսուս Մանուկի արձանիկները։
Միջոցառումը, որ կը կոչուի ''Ուրախութիւնը մեր հետ'', կազմակերպուած է Հռոմի Պատանեկան Համալիրներու Կենդրոն՝ հաստատութեան կողմէ։ Երիտասարդ կազմակերպիչներ ընդունեցան երեխաները հրապարակի վրայ՝ ընկերակցութեամբ Ս. Ծննդեան եղանակներու, երգերու եւ պարային բեմադրութիւններու։ Անոնք պատրաստեցին երեխաները Հրեշտակ Տեառն աղօթքին եւ Սրբազան Քահանայապետի պատգամի ունկնդրութեան։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմ քաղաքի 50 ժողովրդապետութիւններ։ Առաջին անգամ ըլլալով ներկայ եղան նաեւ ''Ումպրիա'' մարզի Պատանեկան Համալիրներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Քազերթա, Ֆրասքաթի եւ Ալպանօ թեմերէն։
Այս ձեռնարկը, որ քանի մը տարիէ ի վեր արդէն աւանդութեան կարգ անցած է, հետզհետէ կը տարածուի զանազան թեմերու մէջ։ 2013 թուականէն սկսեալ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս նախաձեռնութիւնը տեղի գտած է զանազան միջոցառումներու կատարումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.