2014-12-13 10:13:05

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց ''փրկութեան բանակը “ կոչուած բողոքական բարեսիրական շարժումը։


(Ռ.Վ.13 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 12 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ընդունելով ''փրկութեան բանակը“ կոչուած բողոքական բարեսիրական շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին պատմեց մանկութեան պատահած դէպք մը. ''Չորս տարեկան էի` 1940 թուականին, փողոցը կը պտտէի մեծ մօրս հետ։ Այդ ժամանակին կը կարծուէր որ բոլոր բողոքականները դժոխք կ'երթային։ Դիմացի մայթէն ''Փրկութեան Բանակէն'' երկու տիկիններ մեզի մօտեցան։ Կը յիշեմ, աչքիս առջեւ կարծէք երէկ պատահած ըլլար, մեծ մօրս հարցուցի։ ''ո՞վ են այս տիկինները, կրօնաւորուհիներ են''։ Մեծ մայրս պատասխանեց. ''ո`չ, բողքական են, սակայն բարի են''։ Այսպէսով մեծ մայրս, շնորհիւ ձեր բարի վկայութեան, իմ աչքերս բացաւ համամիութեան։
Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու քաջալերեց շարունակել իրենց նուիրումով Բարեգութ Տիրոջ վկայութիւն տալ։ ''Դուք, - ըսաւ Ան - բոլոր քրիստոնեաներուն հետ միասին, կը ճանչնաք որ կարօտեալները յատուկ տեղ մը կը գրաւեն Աստուծոյ սրտին մէջ։ Աղօթքս է, որ Քրիստոսի բոլոր աշակերտները, Փրկութեան Բանակին նման, միեւնոյն համոզումով ու եռանդով իրենց նպաստը ընծայեն։ Քոյր եկեղեցիներու միջեւ գոյացող Աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական տարբերութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան աստուածսիրութեան ու եղբայրօգնութեան միացեալ վկայութեան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Յայտնենք որ ''փրկութեան բանակը“ աւետարանական միջազգային շարժումն է հիմնուած 1865-ին պատուելի William Booth -ի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.