2014-12-13 08:57:49

Քաղդէացիներու Պատրիարքը կը հրաւիրէ Իրաքի քրիստոնեաները աղօթելու գաղթականներու տուն վերադարձին համար։


(Ռ.Վ.13 դեկտեմբեր 2014) Գերերջանիկ Լուիս Ռափայէլ Սաքօ Քաղդէացիներու պատրիարքը կոչ ուղղած է Իրաքի քրիստոնեաներուն ծոմապահութիւն, ապաշխարանք եւ աղօթք կատարել Յիսուսի ս. Ծնունդէն երեք օր առաջ, Ամենախնամ Աստուծմէ հայցելով Մուսուլի ազատագրումը, գաղթականներու հայրենիք վերադարձը։ Մինչ մենք կը պատրաստուինք Տէրը ընդունելու մեր տուներուն մէջ, կը գրէ պատրիարքը իր պատգամին մէջ, ես վստահ եմ որ ողորմած Տէրը պիտի լսէ մեր աղօթքները։
Պատրիարքը կը մէջբերէ Մատթէոս Աւետարանին մէջ գրուած Յիսուսի խօսքերը. ''Իժերու այս ցեղը կարելի չէ ճզմել եթէ ոչ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ''։
Պատրիարքը նաեւ թելադրեց Իրաքի քրիստոնեաներուն որ չկազմակերպեն տօնակատարութիւններ Յիսուսի Ս. Ծնունդի ու Ամանորի զոյգ առիթներուն։ Աւելի պատշաճ է զօրակից ըլլալ եւ օգնութեան հասնիլ այն եղբայրներուն որոնք դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.