2014-12-12 08:19:50

ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Հռոմի ''San Giuseppe all'Aurelio'' ժողովրդապետութեան։


(Ռ.Վ.12 դեկտեմբեր 2014) Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունենալէ ետք ժողովրդապետութեան թաղական խորհուրդի զանազան մարմիններուն հետ, ապաշխարութեան խորհուրդը պիտի մատակարարէ հինգ հաւատացեալներուն։ Ժամը 18-ին Ան պիտի գլխաւորէ ս. Պատարագի արարողութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Վատիկան քաղաքի կառավարիչ` կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոն, շրջանի օգնական եպիսկոպոսը` գերապայծառ Փաոլօ Սելվատաճի եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը հայր Սեպասթիանօ Ճուզեփփէ Լայ, որ անձամբ հրաւէր ուղղած էր ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելելու իր ժողովրդապետութիւնը։
Նախքան Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, Սրբազան Հայրը հանդիպում կ՛ունենայ կրօնուսուցումի պատանիներուն, անոնց ծնողներուն եւ կրօնուսոյցներուն հետ։ Երկու պատանիներ այս առթիւ հարցում պիտի ուղղեն Սրբազան Հօր։ Ապա ժողովրդապետութեան սրահին մէջ նախատեսուած է հանդիպում մը 10 գնչուներու հետ, որոնք շրջանի թաղամասին մէջ կ՝ապրին ու ամէն կիրակի ներկայ կը գտնուին սուրբ պատարագին։ Ժողովրդապետը յայտնած է որ անոնց զաւակները եւս եկեղեցւոյ մէջ կնքուած են։
Գնչուներէն զատ Սրբազան Հայրը կը տեսակցի այլ 25 հոգիներու հետ, որոնք կը ներկայացնեն դժուար պայմաններու մէջ ապրող շուրջ 600 ընտանիքները, որոնք ''Sant’Egidio'' բարեսիրական շարժումի խնամակալութեան յանձնուած են։
Նորին Սրբութիւնը ապա յաջորդաբար հանդիպում կ՛ունենայ հիւանդներուն եւ 2014-ին կնքուած մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն հետ։ Ժողովրդապետ Հայր Լայը յայտնած է թէ այս առթիւ, երկարօրէն խորհրդակցելէ ետք, որոշեցինք Սրբազան Քահանայապետին որպէս նուէր, յանձնել հաւատացեալներէն հաւաքուած դրամը, որպէսզի Ան իր կարգին զայն բաշխէ աղքատներուն։
Յայտնենք թէ կիրակի` 14 Դեկտեմբերը Յիսնակացի երրորդ կիրակին ըլլալով ‘’Հրեշտակ Տեառն’’ Մարեմեան աղօթքին աւարտին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի օրհնէ ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած երախաներու մսուրի` մանուկ Յիսուսներու արձանիկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.