2014-12-12 08:55:05

Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ Ս. Պետրոսի մէջ Սուրբ պատարագ։


(Ռ.Վ.12 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 12 դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 6-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ, կը գլխաւորէ` Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի` Կուատալուփի Տիրամօր նուիրուած համապատարագի սուրբ արարողութիւնը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լատին ամերիկայի երկիրներու հաւատացեալները, որոնք սուրբ Պետրոս կը ժամանեն իրենց երկիրներու դրօշակներով, սկսեալ ժամը 16.45-էն, մասնակցելու Կուատալուփի Տիրամօր սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին, սուրբ ծննդեան պատրաստութեան շրջանի ժողովրդական շարականներու կատարողութեամբ։
Յայտնենք որ 12 դեկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը առաջին անգամ ըլլալով, Վատիկանեան Պազիլիքային մէջ տօնախմբեց Կուատալուփի Տիրամօր ծիսական տօնակատարութիւնը` մատուցելով Սուրբ Պատարագի զոհը։
2014-ի սուրբ զոհի ընթացքին պիտի կատարուի` Արժանթինցի երաժիշտ ու հեղինակ` Արիէլ Րամիրէսի ''Միզա Քրիոլլա'' պատարագի երգեցողութիւնը, ղեկավարութեամբ Արիէլ Րամիրէսի զաւակ` Ֆաքունտօ Րամիրէսի ու անոր նուագախումբին եւ մասնակցութեամբ Հռոմի ''Մուզիքա Նուովա'' երգչախումբին ։
Նշենք նաեւ թէ 50 տարիներ առաջ, Արիէլ Րամիրէսը, այդ շրջանին յօրինած ''Միզա Քրիոլլա'' պատարագի երաժշտական այս ստեղծագործութիւնը ներկայացուցած էր երանելի Պօղոս Զ երջնակայիշատակ Քահանայապետին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.