2014-12-12 09:19:42

Իպոլայի դէմ պայքարողները՝ «Թայմ»ի 2014ի «տարուան մարդ»ը


ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Թայմ» թերթը 2014ի «Տարուան Մարդ»ը տիտղոսին արժանացուց այն բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք կը խնամեն իպոլայի ժահրէն վարակուած հիւանդները։ Ըստ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան՝ իպոլայէն մահացողներու թիւը 6388ին հասած է՝ Դետեմբեր 10ի տուեալներով, իսկ անկէ վարակուածներուն թիւը՝ 17,942ի։ Զոհերուն մեծ մասը Լիպերիոյ, Սիէրա Լէոնի եւ Կինէի քաղաքացիներ են։
Տիտղոսին կը յաւակնէր նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ 2007ին ստացած է այդ կոչումը։ Աւարտական հանգրուանին հասածներու ցանկին վրայ էին Իրաքի Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանի, չինական «Ալիպապա» ընկերութեան հիմնադիր Ճեք Մա, «Էփըլ» ընկերութեան ղեկավար Թիմ Քուկ եւ ուրիշներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.