2014-12-12 09:20:24

«Ուրֆայի ասեղնագործութիւն» գեղատիպ հատորին շնորհանդէսն ու գինեձօնը հալէպի մէջ


Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ին Հալէպի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» Ա․ հատորին (Պրունօ Էքարտի հաւաքածոն) գեղատիպ հատորին գինեձօնը, տպուած Հալէպ 2014-ին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:
Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Եպս․ Սարգիսեան։ Գիրքին շնորհանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, հատորի հեղինակ՝ արուեստաբան, գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանն ու արուեստասէր հրաւիրեալներ։
Օրուան Հանդիսավար Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան ողջունելով հատորի հրատարակութիւնը, մէջբերում մը կատարեց «Ուրֆայի Հերոսամարտը» երկհատոր գիրքէն ու նշեց, թէ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող դժնդակ տարիներուն հայ տիկիններ եւ օրիորդներ նրբահիւս ասեղնագործութիւններ գործելով իրենց օրապահիկը կ՛ապահովէին, եւ ապա անոնց իւրայատուկ գործերը կը հասնէին հեռաւոր եւրոպաներ եւ բարձրօրէն կը գնահատուէին օտարներու կողմէ։ Եզրափակելով Տէր Տաթեւ ըսաւ, որ ուրախ ենք, որ այսօր այս գրքի հրատարակութեամբ կ՛անմահանայ Ուրֆայի ասեղնագործութեան արուեստը։
Այնուհետեւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» գիրքը համառօտ կերպով ներկայացուց հալէպահայ մտաւորական, գրող Պերճուհի Աւետեան, վեր առնելով գիրքին գեղարուեստական եւ վաւերագրական արժէքն ու մէջբերելով հեղինակին վերլուծական նշումները։
Օրիորդ Աւետեան յայտնեց, թէ Հալէպի պատերազմական պայմաններուն մէջ անգամ մշակութային իւրայատուկ այս աշխատանքը, յատկապէս Հայոց ՑԵղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին վկայութիւնն է մեր ժողովուրդի անմահութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.