2014-12-12 09:43:47

«Անհրաժեշտ է, որ Լիբանան պահպանէ իր ինքնութիւնը արաբական աշխարհին». Արամ Ա. Կաթողիկոս


Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր խօսքը ուղղելով Ապու Տապիի մէջ հաստատուած լիբանանեան համայնքի աւելի քան 150 ներկայացուցիչներուն, կոչ ուղղեց միասնաբար աշխատելու եւ պահպանելու Լիբանանի իւրայատուկ ինքնութիւնը արաբական աշխարհին մէջ։ Հաւաքը կազմակերպուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Լիբանանեան դեսպանատան կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը:
Հաւաքին ներկայ էին լիբանանեան համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ տնտեսական ու շինարարական մեծ ծրագիրներ մշակող լիբանանցիներ։ Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ տրուած այս ընդունելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբութիւնը իր կարգ մը վերլուծումներն ու մտահոգութիւնները փոխանցէ ներկաներուն։
Ընդունելութեան բացման խօսքը կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաըտ։ Դեսպանը արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին կենսագրականը, Նորին Սրբութիւնը նկատելով լիբանանեան դատին լաւագոյն դեսպանը արտաքին աշխարհին մէջ։ Ապա, խօսք առաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որուն խօսքին մէջ գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ Պըն Զայէտին եւ երկրի պատասխանատուներուն՝ լիբանանեան համայնքին ընծայած իրենց լայն դիւրութիւններուն եւ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած իրենց յատուկ հոգածութեան համար։
Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի իւրայատկութիւններուն, որոնք կը կազմեն Լիբանանի ինքնութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ան յիշեց համայնքներու գոյակցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, Արեւելքի և Արեւմուտքի միջեւ Լիբանանի կամուրջ ըլլալու իրողութիւնը, ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս կատարած մեծ իրագործումները եւ իր ունեցած լայն Սփիւռքը։ Յիշեալ երեւոյթներուն գծով Նորին Սրբութիւնը կատարեց իր արժեւորումները։
Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան։ Ան ըսաւ, թէ հայը եւ միւս լիբանանցիները կը սիրեն Լիբանանը, սակայն հայը նաեւ երախտապարտ է լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ։ Ցեղասպանութենէն ետք, երբ գաղթական հայեր Լիբանան եկան, լիբանանցի ժողովուրդը իր հացը բաժնեց հայութեան հետ։ Լիբանան դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան աղբիւրը եւ այսօր ան կը մնայ սփիւռքի հայութեան սիրտը։ Վեհափառը ըսաւ, թէ Լիբանան հայութեան ընծայեց վերականգնելու եւ վերակազմակերպուելու կարելիութիւնը և հայ համայնքը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի ծաղկումին ու բարգաւաճումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.