Պոլսոյ Հայկական եկեղեցւոյ մէջ հրդեհը ոչ թէ ելեկտրական խանգարումի արդիւնք եղած է, այլ
կանխամտածուած հրկիզումի
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ 7 դեկտեմբերին Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի հայկական եկեղեցւոյ մէջ
բռնկած հրդեհին պատճառը բացայայտուած է: Նախապէս կատարուած ենթադրութիւնները, թէ հրդեհը
բռնկած է տեղադրուած տօնածառի լոյսերու կարճ միացման պատճառով, հերքուած է. եկեղեցին
հրդեհած են դիտումնաւոր կերպով: Եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները տեսագրած են,
թէ ինչպէ՛ս կասկածեալը կը մտնէ եկեղեցի եւ կը հրկիզէ զայն: Կասկածեալը ձերբակալուած
է: Ի յայտ եկած է, որ ան նախապէս դարձեալ այդպիսի արարքներ կատարած է: Կը հաղորդուի,
որ հրդեհին պատճառով հազարաւոր կրօնական գիրքեր ու խտասալիկներ հրկիզուած են: