2014-12-11 09:03:34

Մանուկներու ֆոնտին համաձայն 2014-ին 230 մանուկներ ահ ու սարսափի զոհ եղած են։


(Ռ.Վ.11 դեկտեմբեր 2014) ''Unicef`'' Մանուկներու ֆոնտին տուեալներու համաձայն զինեալ ընդհարումի երկիրներու մէջ ապրող աւելի քան 230 միլիոն մանուկներ ներկայիս կ’ապրին ահ ու սարսափի մէջ. անոնք մոռցուած են միջազգային մամուլէն։
Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան, Իրաքի, Հարաւային Սուտանի, Պաղեստինի պետութեան, Սուրիա եւ Ուկրանիայի մէջ, աւելի քան 15 միլիոն մանուկներ թիրախ են զինեալ ընդհարումի, որուն հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ սպաննուած կամ բռնի զինակոչի կանչուած են։
Բարձր է թիւը փոքրիկ ու անտէր որբերու։ Unicef` մանուկներու ֆոնտի տնօրէնը` Անթոնի Լէյք` ահ ու սարսափի այս կացութիւնը որակած է անընդունելի։
Բազմաթիւ անմեղ մանուկներ սպաննուած են մինչ դպրոց կը գտնուէին եւ կամ տուներու մէջ կը քնանային։ Դժբախտաբար սպաննուած կամ առեւանգուած մանուկներու լուրը անտեսուած է միջազգային մամուլէն։
Նշենք որ այս տարի կը վերակոչուի մանկութեան իրաւունքի դաշնագրին 25-րդ տարեդարձը վաւերացուած 194 պետութիւններէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.