2014-12-11 09:35:16

Հայկական ցեղասպանութիւնը յիշատակելու կոչ «Կուկըլ»ին


ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Change. org» կայքին վրայ Դեկտեմբեր 5ին տեղադրուած է խնդրագիր մը, ուր «Կուկըլ» ընկերութեան կոչ կ՛ըլլայ յառաջիկայ տարուան Ապրիլ 24ին ստեղծելու կայքի առաջին էջին վրայ երեւցող յատուկ «Doodle» մը, որ պիտի խորհրդանշէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Դեկտեմբեր 10ի դրութեամբ, խնդրագիրը ստորագրած է աւելի քան 25,000 հոգի:
Կոչին մէջ նշուած է. «Ապրիլի 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի օրն է:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կառավարութեան ծրագրած՝ իրենց բնօրրանում եւ կայսրութեան տարածքում բնակուող հայերի զանգուածային տեղահանումն ու բնաջնջումն էր: 1915ի Ապրիլ 24ին, օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլսում (Պոլիս) հաւաքեցին եւ ձերբակալեցին հարիւրաւոր հայ մտաւորականների եւ առաջնորդների, այնուհետեւ սպանեցին նրանց: Մարդկանց թիւը, ովքեր սպանուել են Ցեղասպանութեան հետեւանքով, շուրջ 1.5 միլիոն է:
Սա՛ է պատճառը, որ մենք պատասխանատուութիւն ենք կրում Ցեղասպանութեան մասին մարդկութեանը իրազեկելու համար: «Կուկըլ»ը պէտք է մասնակից դառնայ այս գործին՝ յանուն ողջ մարդկութեան»:







All the contents on this site are copyrighted ©.