2014-12-10 14:47:59

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիային՝ Ֆիլատէլֆիայի մէջ կայանալիք ընտանիքի նուիրուած համաշխարհային հանդիպումին ի տես։


(Ռ.Վ. 10 դեկտեմբեր) Չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նամակ մը յղեց ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիային, յառաջիկայ 22-27 սեպտեմբեր 2015-ին, ԱՄՆ-ի Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ կայանալիք ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին առթիւ։
Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի կամքը Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ կատարելու՝ ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը, եւ ընդառաջելով հրաւէրին, Աստուծոյ կամքով, ներկայ պիտի գտնուի ձեռնարկին, որ ունի որպէս բնաբան ՝՝Սէրը՝ մեր առաքելութիւնն է. ընտանիքը ամբողջովին կենսունակ է''։
Ֆրանչիսկոս Պապը նամակին մէջ ակնարկած է ընտանիքի կեդրոնական առաքելութեան՝ որ է աւետարանել համայն աշխարհին ''Աստուծոյ Սէրը՝ Սուրբ Պսակի խորհուրդի ներգործութեամբ''։ Ան անդրադարձած է նաեւ վերջերս Վատիկանի մէջ գումարուած ընտանիքին մասին Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին եւ 2015-ին կայանալիք անոր շարունակութեան՝ յայտնելով թէ անհրաժեշտ է փորձարկել սիւնհոդոսէն բխած հովուական առաջադրանքները ընկերային եւ մշակութային շրջագիծէն ներս։
Ֆրանչիսկոս Պապը նամակի աւարտին գոհունակութիւն յայտնած է Ֆիլատելֆիայի թեմին յայտնաբերած պատրաստակամութեան եւ յանձնառութեան՝ ի սպաս ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ ընտանիքներու ծառայութեան։ Ան ապա հայցելով Կուատալուբէի Տիրամօր բարեխօսութիւնը, իր նամակը եզրափակած է իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով գերապայծառ Փալիային ու անոր համագործակիցներուն որոնք կը նպաստեն Ֆիլատելֆիայի ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումի ձեռնարկի յաջողութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.