2014-12-10 12:00:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Սիւնհոդոսական հաւաքը` Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը ընտանիքի մասին''։


''Սիւնհոդոսը այն ապահով միջավայրն է ուր Սուրբ Հոգին կարող է գործել''։

(Ռ.Վ. 10 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ արտասանած իր ճառը կեդրոնացուց Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի վրայ յայտնելով որ ''եկեղեցւոյ մասին խորհրդածութիւններու աւարտին այսօր սկիզբ կ՛առնէ խորհրդածութիւններու նոր շարք մը ''ընտանիքի'' նիւթին մասին` անցեալ հոկտեմբերի եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին հիման վրայ որուն նիւթը եղաւ ''ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները նոր աւետարանութեան շրջագիծէն ներս''։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ սիւնհոդոսական աշխատանքային գործընթացքի մասին։
Ես – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – խնդրեցի եպիսկոպոսներէն ազատ, անկեղծ եւ քաջութեամբ արտայայտելու իրենց գաղափարները եւ խոնարհութեամբ ունկնդրելու մէկը միւսը։ Սիւնհոդոսի ընթացքին արդարեւ ամէն մէկը կրնար արտայայտել իր գաղափարը, այն ինչ որ սրտէն կը բխէր առանց սակայն ամուսնութեան հաւատքի ճշմարտութիւնը հարցականի տակ դրուէր` այսինքն ամուսնութեան անքակտելիութիւնը, միութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ կեանքի հանդէպ բացուածքը։
Սիւնհոդոսը ունեցաւ զանազան հանգրուաններ որուն ընթացքին երեք վաւերաթուղթեր ներկայացուեցան` ''Բանավէճէն ետք զեկոյցը, փոքր նիստերու զեկոյցները ու ապա եզրափակիչ զեկուցումը որուն մէջ պարունակուեցան սիւնհոդոսական նիստերու արդիւնքները։
Ահա այս եղաւ սիւնհոդոսի աշխատանքային ընթացքը որ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի ներկայութեամբ « cum Petro et sub Petro – Պետրոսի հետ եւ Պետրոսի ենթակայ» որ երաշխաւորեց ուղղափառութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը ազատութեամբ արտայայտուեցան, այն ազատութեամբ որ Եկեղեցւոյ կը պատկանի ։
''Եզրափակիչ պատգամը, եզրափակիչ զեկուցումը եւ Քահանայապետին եզրափակիչ ճառը եղան սիւնհոդոսի երեք վաւերաթուղթերը։ Եզրափակիչ զեկուցումը հրատարակուեցաւ երէկ որուն աւելցուեցաւ հարցարան մը որ ուղարկուեցաւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն` 2015-ի եպիսկոպոսական սովորական սիւնհոդոսի առ ի պատրաստութիւն, որպէս նախապատրաստական հարցարան։
Գիտակից ըլլալու ենք թէ Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ որուն այս կամ այն ինչ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը իր մասնակցութիւնը կը բերէ։ Սիւնհոդոսը այն ապահով միջավայրն է ուր Սուրբ Հոգին կարող է գործել։ Երկու հակառակ կողմերու միջեւ բախումներ տեղի չունեցան` այս մէկը կրնայ պատահիլ խորհրդարանին մէջ, մինչ եպիսկոպոսներուն միջեւ տեղի ունեցաւ գաաղափառներու փոխանակում որ յառաջ եկաւ երկար նախապատրաստական աշխատանքէ մը որ այժմ կը շարունակուի` ընտանիքներու, ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ բարիքին համար։ Ընթացք մը որ կը յարատեւէ աղօթքի, խորհրդածութեան եւ եղբայրական վիճաբանութեան միջոցաւ։ Այս է եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը որ կը յանձնենք Մեր Մօրը` Աստուածնայ հովանիին, որպէսզի մեզ օգնէ հետեւելու Աստուծոյ կամքին, մեր ընտանիքներուն համար պատշաճ որոշումներ առնելու համար։ ''Ձեզմէ կը խնդրեմ որ սիւնհոդոսական ուղեւորութեան ընկերակցիք աղօթքով'' խնդրեց քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը։ Ան ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած, տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, խրախուսելով զանոնք օրինակ առնելու Լօրէթոյի Տիրամայրէն, որուն ծիսական յիշատակը կը նշուի այսօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.