Պքէրքիի մէջ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներու տարուան բացում
Շաբաթ 6 Դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Պքէրքիի Մարօնիթ Պատրիարքարանին
մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Կրօնաւորական Կեանքի Նուիրեալներու Տարուան», զոր
հռչակած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը: Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցանեց Ամեն. Պէշարա Րաի
Պատրիարքը, համապատարագեցին Լիբանանի կրօնաւորական հաստատութիւններու Մեծաւոր Հայրերը:
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պապական Նուիրակ Վսեմաշուք՝ Գաբրիէլ Քաչչիա,
ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Լիբանանի տարբեր շրջաններու վանքերէն և ուխտավայրերէն ժամանած
կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ և նուիրեալ աշխարհականներ: Զմմառու Տիրամօր վանքէն ներկայ գտնուեցան
Վարչական հայրերն ու Երան. Մալոյեան Դպրեվանքի սաները: Ամեն. Պէշարա Րաի Պատրիարքը իր
քարոզին մէջ ջերմապէս շնորհաւորեց ներկաները և կոչ ուղղեց համայն քրիստոնեայ աշխարհին
տէր կանգնիլ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն: Պատարագի աւարտին փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան
վանքերու վանահայրերու միջեւ վերստին տեսնուելու խոստումով