2014-12-10 09:06:15

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի 9 դեկտեմբերին, այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին հոգեւոր տէրը ընդգծեց Տար Ֆաթուայի ազգային դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հարցերը իմաստուն կերպով լուծելու անոր կարողութիւնը, «յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար եւ զգայուն հանգրուանին», ըսաւ ան:
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շեշտեց, որ այս պայմաններուն տակ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքացիական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւններուն` աւելցնելով, որ իր կատարած այցելութեան նպատակն է ծառայել կրօնական եւ ազգային հարցերուն` իրարու միջեւ փոխըմբռնում գոյացնելով:
«Լիբանան այսօր կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած պայմանները», ըսաւ հոգեւոր տէրը` հաստատելով, որ այս հանգրուանին բոլորը պէտք է գիտակցին երկրին դիմագրաւած վտանգներուն եւ համախոհութիւն գոյացնեն` Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.