2014-12-10 10:04:12

Դեսպան Քոչարեան այցելեց Ռայի Պատրիարքին


Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին, այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Դեսպան Ա. Քոչարեան Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն մանրամասնութիւններուն մասին:
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ եկեղեցւոյ` յառաջիկայ տարի Հայաստան այցելելու հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ իր համերաշխութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Քոչարեան եւ Ռայի պատրիարքը ընդգծեցին Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւններուն ներկայ բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան ունեցած կարեւոր եւ կառուցողական դերակատարութիւնը` Լիբանանի բարգաւաճման իմաստով:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները եւ արձանագրուող շրջանային զարգացումները:
Դեսպան Ա. Քոչարեան Ռայի պատրիարքին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրք մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.