2014-12-09 12:50:20

Ֆրանչիսկոս Քահանայապտեը արտօնեց հրատարակել Սուրբերու դատի հայող հրամանագիրերը


(Ռ.Վ. 9 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ` Կարդինալ Անճէլօ Ամաթոն արտօնեց հրապարակել Սուրբերու դատի եւ Մարտիրոսական առաքինութիւններու հայող՝ հետեւեալ հրամանագիրերը։

Երանելի Ճիովաննա Էմիլիայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։ Երանելի Ճիովաննա ծնած է Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ, 9 մարտ 1811ին եւ վախճանած է Քասթրէս ՝ 2 հոկտեմբեր 1854-ին։ Ան եղած է հիմնադիրը Քասթրէսի Անարատ Յղութեան միաբանութեան։

Երանելի Մարիա Ալֆոնսինա Տանիլ Կաթթասի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։
Երանելի Մարիա ծնած է Երուսաղեմ `4 հոկտեմբեր 1843ին եւ վախճանած է Այն Քարէմ 25 մարտ 1927ին։ Ան հիմնած է Երուսաղեմի մէջ գտնուող մայրապետներու Սուրբ Վարդարանի անուամբ միաբանութիւնը։

Երանելի Խաչեալ Քրիստոսի Մարիայի բարեխօսութեամբ հրաշագործութիւնը։
Աւազանի անունով Մարիա Պաուարտի ծնած է Գալիլիոյ Ապէլլին քաղաքը՝ 5 յունուար 1846ին եւ վախճանած է Բեթհեղեմ` 26 օգոստոս 1948ին ։ Երանելի Մարիա եղած է անդամ ''Քարմէլիթանի Սքալսի'' միաբանութեան։

Աստուծոյ աղախին Յիսուսի Քարմէլայի մարտիրոսական առաքինութիւնները։
Աւազանի անունով` Ֆրանչէսքա Փրէսթիճաքոմօ ծնած է Փալէրմօ քաղաքը՝ 15 հոկտեմբեր 1858ին եւ վախճանած է Հռոմ `14 դեկտեմբեր 1948ին։ Ան հիմնած է Մարմնացեալ Բանի Սուրբ Սրտի հաստատութիւնը։

Աստուծոյ աղախին Մարիա Սէյքուէր Կայայի մարտիրոսական առաքինութիւնները։
Ան ծնած է Սպանիա 12 ապրիլ 1891ին իսկ վախճանած է 17 յուլիս 1975ին։
Քոյր Մարիա եղած է հիմնադրուհին ՝՝Խաչեալ Քրիստոսի Առաքեալ'' քոյրերու միաբանութեան։
Աստուծոյ աղախին Ատալպէրթա Հասմանտովայի մարտիրոսական առաքինութիւնները, ան ծնած է Չեխ հանրապետութեան մէջ՝ 25 մարտ 1914ին, ու վախճանած է` 21 յունուար 1988ին։
Քոյր Ատալպէրթա եղած է Մեծաւոր Մայրը Սուրբ Քարլօ Պորրոմէօ մայրապետներու միաբանութեան։
Աստուծոյ աղախին Փրասէտ Ֆէրնանտէզ Կարսիա, ան եղած է աշխարհական եւ ընտանիքի մայր։ Ծնած է Սպանիա` 21 յուլիս 1886ին եւ վախճանած է 6 հոկտեմբեր 1936ին։ Անդամակցած է Սան Տոմէնիքոյի երրորդ կարգի միաբանութեան։
Աստուծոյ աղախին Էլիզապէթթա Թասքայի մարտիրոսական առաքինութիւնները։
Ան կը պատկանէր աշխարհական դասի եւ եղած է ընտանիքի մայր։ Ծնած է Իտալիա` 24 ապրիլ 1899-ին եւ վախճանած է 3 նոյեմբեր 1978ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.