2014-12-09 09:22:08

Սովածներու թիւը այնքան բարձր է որ գայթակղութիւն մը դարձած է։


(Ռ.Վ. 9 դեկտեմբեր 2014) Հռոմի Քարիթասի նախաձեռնութեամբ ու համագործակցութեամբ Հռոմի համալսարանին, Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը ‘’Ե՞րբ կերակուրը գիտութիւն է’’ նիւթին մասին։ Կազմակերպիչներու գնահատումով այս ժողովը պատրաստութիւն մըն է Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ, 2015-ին տեղի ունենալիք տօնավաճառին, որուն նիւթն է ‘’սնուցանել երկրագունդը, կեանքի համար ուժականութիւն’’։ Բազմաթիւ մարդոց համար սննդառութիւնը կը մնայ ցնորք մը, երազանք մը։ Ներկայիս աշխարհին մէջ աւելի քան 881 միլիոն հոգիներ (2012-2014), մահացած են սովի
պատճառաւ։ Այս թիւը ինքնին գայթակղութիւն մըն է եւ անընդունելի մարդկային գետնի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.