2014-12-09 12:39:49

Ոչ եւս է Կարդինալ Եորկէ Մարիա Մէյան. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը։


(Ռ.Վ. 9 դեկտեմբեր) Երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի խոր գիշերին, Կարդինալ Եորկէ Մարիա Մէյա կնքեց իր մահկանացուն։
Կարդինալ Մէյիա ծնած էր Պուէնոս Այրէս՝ 31 Յունուար 1923ին։ Ֆրանչիսկոս Պապը վերջերս, Պիոս ԺԱ բուժարանին մէջ, այցելութիւն շնորհած էր հանգուցեալ Կարդինալին։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11,30 ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարէ Կարդինալական դասի աւագերեց Կարդինալ Անճէլօ Սոտանոն՝ ընկերակցութեամբ կարդինալական դասին, մինչ՝ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը պիտի կատարէ յուղարկաւորութեան գերեզմանատան կարգը։
Կարդինալ Եորկէ Մարիայի Մէյիա մահով կարդինալական դասը այժմ բաղկացած է 208 կարդինալներէ. 112 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող կարդինալներ, իսկ 96՝ը ոչ ընտրող։

Կարդինալ Եորկէ Մարիայի մահուան ի լուր, երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապը հեռագիր մը յղեց հանգուցեալին եղբօրը` Տիար Ալէսանտրօ Ժէյմ Մէյայի որ կը գտնուի Արժանթին։
Հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց իր ցաւակցութիւնը՝ բարձր գնահատելով հանգուցեալ կարդինալին տածած հաւատարիմ աշխատանքը՝ Սուրբ Աթոռի զանազան կազմակերպութիւններէն ներս։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապահովեցուց ապա իր աղօթքը՝ որպէսզի Տէրը հանգուցեալին հոգիին շնորհէ Իր Խաղաղութիւնը­, ու հայցեց Աստուածային մխիթարութիւնը՝ Կարդինալին հարազատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.