2014-12-09 09:17:19

Մանուկներու օգնութիւն մարդասիրական կազմակերպութիւնը տարեկան աւելի քան 36.500 մանուկներ կը խնամէ։


(Ռ.Վ. 9 դեկտեմբեր 2014) Ամէն տարի աւելի քան 36.500 մանուկներ, անկախ անոնց կրօնքէն ու ազգութենէն, կը խնամուին Բեթղեհէմի ''Caritas Baby'' բազմաբուժարանին մէջ, գլխաւորութեամբ Պաղեստինցի բժշկուհի Հիամ Մարզուքայի եւ որուն ձեռքին տակ կ’աշխատին 36 բժիշկներ, 24 ժամ 24 ժամի վրայ, միշտ պատրաստ իրենց միջամտութիւնը բերելու։
''Caritas Baby Hospital'' ֆինանսաւորուած է Բեթղեհէմի մանուկներու օգնութիւն մարդասիրական կազմակերպութենէն։ Մանուկներու խնամատարութեան համար կը պահանջուի մայրերու ներկայութիւնը ու մասնակցութիւնը փութացնելու իրենց երախաներու բուժումը։
2013-ին աւելի քան 36.500 մանուկներ եւ նորածիններ խնամուած են։ Բոլոր մանուկները օգնութիւն եւ խնամք կը ստանան առկախ անոնց կրօնէն ու ազգութենէն։
''Մենք հոս ենք'' նշանադրոշմն է մանուկներու օգնութիւն մարդասիրական կազմակերպութեան եւ ''Caritas Baby'' կոչուած բազմաբուժարանին''։ ''Նման նշանադրոշմ մը կը յարուցանէ իրաւունք եւ պարտականութիւն'' ըսաւ գլխաւոր բժշկուհի Հիամ Մարզուքա։








All the contents on this site are copyrighted ©.