Հրատարակուեցաւ Եպիսկոպոսական ԺԴ սովորական ընդհանուր սիւնհոդոսի ( 4 – 25 հոկտեմբեր
2015) նախապատրաստական հարցարանը։
(Ռ.Վ. 9 դեկտեմբեր 2014) Յառաջիկայ 4 – 25 հոկտեմբեր 2015, Վատիկանի մէջ
պիտի գումարուի Եպիսկոպոսական ԺԴ սովորական ընդհանուր սիւնհոդոսը որուն նիւթն է '' Ընտանիքի
կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ''։ Ի պատրաստութիւն
սիւնհոդոսական այս նիստին, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրատարակեց
եւ սիւնհոդոսական հայրերուն ուղարկեց` սիւնհոդոսի ''նախապատրաստական հարցարանը'', որպէս
նպաստ տեղական եկեղեցիներուն, խորհրդակցելու ''ընտանիքի'' մասին, հիմնուելով արտակարգ
սիւնհոդոսի գործընթացի եւ կողմնորոշումներուն վրայ։ ''Նախապատրաստական հարցարանի'' պատասխաններուն
հիման վրայ, որոնց պայմանաժամը 15 ապրիլ 2015-ն է, պիտի շարադրուի սիւնհոդոսի ''աշխատանքային
թղթածրարը''։ Եպիսկոպոսական դասերը կանչուած են, այս առթիւ, սիւնհոդոսական ուղեւորութիւնը
պատրաստել, իրենց թեմերէն ներս կազմակերպելով աղօթքի եւ ամփոփումի պահեր, յատկապէս յառաջիկայ
28 դեկտեմբերին, Սուրբ Ընտանիքի Տօնին առթիւ։