2014-12-09 12:08:10

''Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը Մայր ըլլալ է եւ կորսուած ոչխարները փնտռելն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, առաւօտեան Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։


(Ռ.Վ. 9 դեկտեմբեր 2014) ''Դռները բանալ Աստուծոյ մխիթարութեան դիմաց'', այս եղաւ Ֆրանչսիկոս Սրբազան քահանայապետին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթերէն մին։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Ամենաուժեղ մխիթարութիւնը ողորմածութեան ու ներումի մխիթարութիւնն է'' ակնարկելով Եզեկիէլ մարգարէի գիրքին ԺԶ գլխուն մէջ պարունակուած խօսքին, ուր Ստուած կը յայտնէ թէ երբեք միայնակ պիտի չթողու մարդը ու անոր պիտի շնորհէ մխիթարութիւն եւ ներում։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց օրուան աւետարանին ուր կը պատմուի կորսուած ոչխարի մասին եւ հովիւի ուրախութեան, որ թողելով 99 միւս ոչխարները կը լուծուի կորսուածը փնտռելու ու երբ զայն կը գտնէ կ՛ուրախանայ։
Այդ հովիւը, ըսաւ Քահանայապետը կարող էր առեւտրականի մը հաշիւը ընել ու մտածել թէ ''մէկը կորսնցուցի սակայն տակաւին 99 ոչխար ունիմ'' ու չմտահոգուիլ։
Հովիւի ուրախութիւնը սակայն կը կայանայ ճիշդ կորսուած ոչխարը փնտռելուն ու զայն գտնելուն մէջ։ Այս է ուրախութիւնը նաեւ Եկեղեցւոյ, շեշտեց Քահանայապետը, երբ Ան դուրս կ՛ելլէ փնտռելու եղբայրներն ու քոյրերը. Ան կը դառնայ Մայր։ Եթէ Եկեղեցին այս մէկը չկատարէ եւ ինքնիր մէջ փակուի, թէեւ լաւ կազմակերպուած ու լաւ սարքուած ըլլայ, անոր կը պակսին ուրախութիւնը, տօնախմբութիւնը, խաղաղութիւնը եւ կը դառնայ յուսալքուած եկեղեցի մը, տխուր եւ մտահոգուած, որ աւելի քան Մայր կը նմանի չամուսնացած կինի մը։ Այս Եկեղեցին բանի մը չի ծառայեր, թանգարանի Եկեղեցի մըն է։ Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը, ծննդաբերութիւնն է, ինքնիրմէ դուրս ելլելն է, ուրիշի կեանք պարգեւելու համար. Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը` երթալ ու կորսուած ոչխարները փնտռելն է` անոր ուրախութիւնը կը նմանի հովիւի քնքշութեան, Մօր մը քնքշութեան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզին աւարտին խնդրեց որ ''Տէրը մեզի շնորհք պարգեւէ ըլլալու ուրախ քրիստոնեաներ Մայր Եկեղեցւոյ պտղաբերութեան մէջ ու մեզ հեռու պահէ տխուր, անհամբեր, յուսալքուած եւ մտահոգ քրիստոնեաներու վարուելակերպէն''։ Թող Տէրը մեզ մխիթարէ Մայր Եկեղեցւոյ մը մխիթարութեամբ որ դուրս կ՛ելլէ ինքնիրմէ եւ կը մխիթարէ Յիսուսի քնքշութեամբ ու Անոր ողորմածութեամբ ներելով մեր մեղքերը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.