2014-12-09 09:59:39

Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մոհամետ Պըն Զայէտի հետ։


Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայէտի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաատ, թեմի ազգայիններէն Արա Խանոյեան եւ Վարուժան Նարկիզեան: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Արամ Ա. կաթողիկոսին ու նախագահին միջեւ տեղի ունեցած մտերմիկ զրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը նախ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հաստատուած հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան եւ ընծայած լայն դիւրութիւններուն համար: Վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ 17 տարիներ առաջ, երբ ինք իր առաջին այցելութիւն տուած էր Ապու Տապի, հանդիպում ունեցած էր իր հօր` շէյխ Զայէտի հետ եւ այդ առիթով, ընդառաջելով վեհափառ հայրապետին փափաքին, պետութիւնը հայ համայնքին հողաշերտ մը տրամադրած էր եկեղեցւոյ շինութեան համար:
Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ աւելի ուշ իր մեծ եղբայրը, որուն ծանր հիւանդութեան բերումով փաստօրէն երկրին նախագահութիւնը կը վարէ շէյխ Մոհամետ, անհրաժեշտ դիւրութիւնները ընծայած էր եկեղեցւոյ շինութեան համար: Ապա, վեհափառ հայրապետը ուրախութեամբ յայտնեց, որ շէյխ Մոհամետի իշխանութեան օրերուն եկեղեցին աւարտած ըլլալով, անոր օծումը պիտի կատարէ յառաջիկայ ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին:
Շէյխ Մոհամետ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով, ինչպէս նաեւ իր պատրաստակամութիւնը` օգտակար ըլլալու հայ համայնքին: Ապա, վեհափառ հայրապետին եւ շէյխ Մոհամետին միջեւ խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան նոր թափ տալու հրամայականին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.