2014-12-09 10:05:57

«Կու գայ այն Օրը, երբ Թուրքիան կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» կ՛ըսէ Հրանուշ Յակոբեան։


Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին կողմէ հրաւիրուած «Աշխարհը առանց ցեղասպանութիւններու» նիւթով լսումներուն ընթացքին, երկուշաբթի 8 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարեց, որ կու գայ օր մը, երբ Թուրքիան կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Պիտի գայ օր մը, երբ Թուրքիան պատասխան պիտի տայ սահմաններու փակ ըլլալուն, Հայաստանը տնտեսապէս ճնշելու համար: Պէտք է Ցեղասպանութեան հետեւանք նկատել այն, որ ամբողջ ազգ մը տառապանքի, մտորումներու մէջ է, որ 100 տարուան ընթացքին միլիոնաւոր զաւակներ չծնան: Մենք կորսնցուցած ենք ամէն ինչ: Մնացած են պատմական յիշողութիւնները», ըսաւ ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր ինքնութեան ճգնաժամ է, որովհետեւ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները այսօր կը յայտարարեն իրենց ազգութեան մասին ու կը պահանջեն ճանչնալ զայն:
Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ պէտք է շարունակել պայքարը, որքան ալ դժուար ըլլայ եւ նկատեց, որ արդէն բանը հասած է այնտեղ, որ փաստաթուղթ ներկայացուած է Թուրքիոյ խորհրդարանին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Կանաչներու կուսակցութիւնը արդէն իսկ ճանչցած է զայն: «Մենք կը հաւատանք, որ յառաջադէմ մարդիկ պիտի միանան մեր պայքարին», նշած է ան:
Ելոյթի վերջաւորութեան սփիւռքի նախարարը մէջբերեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» ստեղծագործութենէն հատուած մը. «Ա՛խ, ինչպէ՞ս, ո՞նց մոռանալ, արհաւիրքն այն օրերի. աշխարհում ով մոռանայ, ջուխտ աչքով թող քոռանայ…»:








All the contents on this site are copyrighted ©.