2014-12-08 12:16:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 8 դեկտեմբերի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Ձրի արիք, ձրի տըւէք''։


(Ռ.Վ. 8 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2014-ին, Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ. կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց` օրուան տօնին նշանակութեան մասին յայտնելով թէ ''այսօրուայ տօնին պատգամը կարելի է եզրակացնել երկու բառերու մէջ` ամէն ինչ շնորհք է եւ ամէն բան Աստուծոյ ու Անոր մեզի հանդէպ սիրոյն ձրի պարգեւ է։
Ան ապա մատնանշեց Գաբրիէլ հրեշտակապետին աւետումին (Ղուկ 1,28) ընդգծելով թէ Նազարէթի Մարիամի վարուելակերպը մեզի ցոյց կու տայ թէ ''ըլլալը'' աւելի կարեւոր է քան ''ընելը'' եւ թէ հարկ է թոյլ տալ որ Աստուած գործէ մեր մէջ, որպէսզի մենք դառնանք Իր կամքին համաձայն։
Սիրոյ, ողորմութեան եւ մեր սրտերուն սահմանուած Աստուածային շնորհքին հետեւանքը միայն մէկ է` ''ձրիութիւն''։
Այնպէս ինչպէս ձրիօրէն ստացանք, կանչուած ենք ձրիօրէն տալ (Մատթ 10,8), Մարիամի նման որ հրեշտակի աւետիսը ընդունելէ ետք փութաց եղիսաբեթի մօտ, անոր հետ կիսելու համար ''պտղաբերութեան'' շնորհքը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու յորդորեց` թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին գործէ մեր մէջ մեզ դարձնելով հիւրընկալութեան, հաշտութեան եւ ներումի գործիքներ Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ ներկաները հրաւիրելով միասնաբար աղօթել Մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները յատկապէս ողջունելով թեմական եւ ժողովրդապետական ընկերակցութիւնները. Ան ապա յայտնեց թէ այսօր յետմիջօրէին, պիտի այցելէ Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան եւ Հռոմի ''Սպանիայի'' հրապարակը, նորոգելու համար Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին աւանդական պաշտամունքը։
''Ձեզմէ կը խնդրեմ որ միանաք իմ հոգեւոր այս ուխտագնացութեանս որ կ՛արտայայտէ մեր որդիական նուիրումը մեր Երկնային Մօր։
Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի տօն եւ բարի երթ յիսնակաց շրջանի ընթացքին, Սուրբ Կոյս Մարիամի առաջնորդութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով խօսքը ու ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.