2014-12-08 11:11:48

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, վառեց աշխարհի արուեստական մեծագոյն տօնածառին լուսաժապաւէնը։


''Թող լոյս ըլլայ ձեր սրտերուն մէջ''

(Ռ.Վ. 8 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի 7 դեկտեմբերին յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ''թապլեթի'' մը միջոցաւ վառեց աշխարհի արուեստական մեծագոյն տօնածառին լուսաժապաւէնը։ Տօնածառը զետեղուած է Իտալիոյ` Կուպիոյ քաղաքի լեռան տարածքին, որուն լուսաւորումը կատարուեցաւ, Նորին Սրբութեան ուղիղ եթերով կապի մը ընթացքին Կուպիոյ քաղաքի` ''քառասուն նահատակաց'' հրապարակի վրայ համախմբուած բնակչութեան հետ։ Յայտնենք որ Կուպիոյի այս տօնածառի ծրագիրը յղացուած է 1981-ին, ու թէեւ արուեստական` 1991ին շահած է ''Կինէս'' առաջնորդութեան մրցանակը։Տօնածառը ունի 750 մեթր բարձրութիւն եւ 450 մեթր լայնք։
Այս առթիւ իր արտասանած հակիրճ խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ ''այս լոյսերը վառելով մենք կ՛ուզենք որ Քրիստոսի լոյսը բնակի մեր մէջ'' ու աւելցուց ''Առանց լոյսի Ծնունդ մը Ծնունդ չէ''։
Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ լոյս ըլլայ բոլոր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ, տիրէ ներողամտութիւնը, խափանի թշնամութիւնը ու խաւարը փարատի։ Ան ապա շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն տրուած այս գեղեցիկ առիթին ու հրաւիրեց ս Ծննդեան առթիւ մաքուր պահել մեր հոգիները դիմելով խոստովանանքին եւ Աստուծոյ անսահման ողորմածութեան։
''Թող լոյս ըլլայ ձեր սրտերուն մէջ, ձեր ընտանիքներուն մէջ, ձեր քաղաքներուն մէջ ու ձեզ օրհնէ Ամենակարող Տէրը Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ. Աղօթեցէք ինծի համար'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.