2014-12-08 10:56:57

Մարիամաբան փրոֆեսոր Անթոնիօ Կրասոյի գնահատումով Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութիւնը նշանն է վերանորոգ մարդկութեան։


(Ռ.Վ 8 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբերին, տօնն է Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան, ըստ լատինաց, մինչ արեւելեան եկեղեցիները զայն կը տօնախմբեն 9 Դեկտեմբերին։
Այս առթիւ Ռատիովատիկանի ալիքներու վրայ ելոյթ ունեցաւ փրոֆեսոր Անթոնիօ Կրասօ` մարիամաբանութեան դասախօս Գադանիայի ս. Ղուկաս կրօնական գիտութեանց բարձրագոյն հաստատութեան մօտ, խօսելով Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան նշանակութեան մասին։
Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութիւնը մարեմեան չորս վարդապետութիւններէն մէկն է` (Աստուածային Մայրութիւնը, Մշտնջենաւոր Կուսութիւնը ու Երկինք Վերափոխումը) հռչակուած Պիոս Թ-էն` 8 Դեկտեմբեր 1854-ին։ Այս վարդապետութիւնը կը հաստատէ որ Տիրամայրը սկզբնական մեղքէն զերծ եղած է իր յղացումէն սկսեալ, հետեւաբար Ադամի ու Եւայի սկզբնական մեղքէն զերծ եղած է ու իր յղութեան առաջին րոպէին եղաւ ‘’լի շնորհոք’’ Աստուծմէ զարդարուեցաւ եւ ոչ թէ իր հաւատքին ու արժանիքին համար։ Ան արժանացաւ Ամենախնամ Տիրոջ այս շնորհքին որպէսզի արժանավայել բնակարան հանդիսանայ իր Մարդացեալ Միածին Որդիին։ Տօնը կը զուգադիպի Յիսնակաց շրջանին մէջ որպէս նախապատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան։
Այս տօնակատարութեամբ քրիստոնեան հրաւիրուած է դիտել Մարիամը որպէս կատարեալ տիպարը այն կեանքին որուն կանչուած է։ Ահա այս պատճառաւ քրիստոնեան մկրտութեամբ կանչուած է սրբութեան։ Մարիամ կը մնայ բոլոր քրիստոնեաներուն համար ապահով ուղեցոյցը որ կ’առաջնորդէ դէպի աւետարանական կատարելիութեան գագաթնակէտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.