2014-12-07 12:20:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 7 դեկտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։


(Ռ.Վ 7 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ի, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն, արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը ակնարկեց Յիսնակաց շրջանի երկրորդ Կիրակիի սուրբ գրային ընթերցումներուն որոնք - ըսաւ Ան - յոյս կը ներշնչեն։
Տէրը Եսայի Մարգարէի բերնով աքսորեալ ժողովուրդին մխիթարութեան հրաւէր մը կ՛ուղղէ հռչակելով անոր ազատագրումը։ Տխրութեան ու վախի փոխարէն կը տիրէ ուրախութիւն, որովհետեւ Տէրը ինքնին պիտի առաջնորդէ իր ժողովուրդը դէպի ազատագրումի ճանապարհ եւ փրկութիւն։ Զայն պիտի ընէ Հովիւի մը քնքշութեամբ որ հոգ կը տանի իր հօտին։
Եսայի մարգարէն կը հրաւիրէ զինք ունկնդրողները տարածելու Աստուծոյ յոյսի այս պատգամը։ ''Մենք չենք կրնար Աստուծոյ մխիթարութեան պատգամաւորներն ըլլալ եթէ նախապէս չփորձարկենք Անոր մխիթարութեան ու սիրոյ ուրախութիւնը'', ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ ''այս կը պատահի յատկապէս երբ ունկնդրենք Աստուծոյ խօսքը, երբ ամփոփուինք աղօթքի մէջ, երբ Անոր կը հանդիպինք Սուրբ հաղորդութեան եւ խոստովանանքի խորհուրդներուն մէջ։
''Թոյլ տանք ուրեմն որ Եսայի Մարգարէին խօսքերը` ''Մխիթարեցէք Մխիթարեցէք իմ ժողովուրդս'', հնչեն նաեւ մեր սրտերուն մէջ յիսնակաց շրջանի ընթացքին'', հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը ու յայտնեց թէ ''Այսօր կարիքը կայ մարդոց որ Տիրոջ ողորմութեան եւ քնքշութեան վկաները հանդիսանան, որ կը ցնցէ յուսալքեալները, կը վերակենդանացնէ անվստահութեան մէջ ապրողները յոյսի կրակը վառելով։
Ամէնքս հրաւիրուած ենք մխիթարելու մեր եղբայրները որ ընկճուած են տառապանքի, անարդարութեան եւ չարաշահումի լուծին տակ եւ անոնք որոնք դրամի, իշխանութեան, յաջողութեան եւ աշխարհիկ բաներու ստրուկ դարձած են, անոնց պէտք ենք վկայել թէ միայն Աստուած կարող է վերացնել հոգեւոր եւ մարմնաւոր ողբերգութիւններու պատճառները։
Մարգարէն այսօր կը խօսի մեր սրտերուն մեզի ըսելու համար որ Աստուած մեր մեղքերը կը մոռնայ ու մեզ կը մխիթարէ երբ մենք ամբողջութեամբ, խոնարհ եւ ապաշխարած սրտով յանձնուինք Իրեն։
Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւնը եզրափակեց Աստուածամօր յանձնելով ներկայ ժամանակի բոլոր մարդոց եւ կիներու խաղաղութեան եւ փրկութեան սպասումի ժամանակը հուսկ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունեց հրապարակը գտնուող բազմահազար հաւատացեալները անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով, ինչպէս միշտ, որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.