2014-12-07 10:37:02

Տօն Անարատ Յղութեան Ս. Աստուածածնի


«Սերովբէ հողեղէն և մարմնաւոր Քերովբէ»
Բիւզանդական եկեղեցւոյ մէջ, 6-րդ դարէն սկսեալ, կը յայտնուին Մարեմեան տօները. Աւետման տօնը՝ 25 մարտին, Մարիամի Ծննդեան տօնը՝ 8 Սեպտեմբերին և Ննջումն Աստուածամօր կամ Վերափոխումը՝ 15 Օգոստոսին: 8-րդ դարուն՝ կը սկսի յիշատակուիլ նաեւ Մարիամ Կոյսին Անարատ Յղութեան Տօնը՝ 9 Դեկտեմբերին:
Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ, հնագոյն տօնն որ կը յիշուի՝ Աստուածամօր Ննջումը կամ Վերափոխումն է՝ 15 Օգոստոսին կամ այդ թուականին մօտիկ կիրակին:
Կոյսին Ծննդեան տօնը՝ 8 Սեպտեմբերին, կը սկսի յիշուիլ 11-րդ դարուն, իսկ ասոր մասին շարականները կը յօրինեն Մեծն Վարդան Վարդապետը և Յակոբ Կլայեցի Կաթողիկոսը: Անարատ Յղութեան տօնը կը սկսի յիշուիլ 13-րդ դարուն և տօնին օրը՝ 9 Դեկտեմբերը, ինչպէս Յոյներուն մօտ:

Այս տօնին շարականը յօրինած է Գրիգոր Անավարզեցի Կաթողիկոսը (1293-1307) հետեւեալ տիտղոսով. «Կանոն յղութեան Սրբուհւոյ Աստուածածնին ի Յովակիմայ և յԱննայէ որ է Դեկտեմբեր ամսոյ յինն»: Կաթողիկոսը շարականը յօրինած է խնդրանքով Կոստանդին Ա. Թագաւորին, ինչպէս շարականին տուներուն սկզբնատառերը զայն ցոյց կու տայ: Շարականին հնագոյն օրինակը կը գտնուի Օշինի ժամագիրքին մէջ, զոր հրատարակեց 1933-ին, Արտավազդ Արք. Սիւրմելեան: Անոր երկրորդ հրատարակութիւնը կատարեց Մխիթարեան Հ. Եփրեմ Պօղոսեան 1969-ին, իր «Անարատ Յղութիւնը և Հայ Եկեղեցին» մատեանին մէջ:



Շնորհալիի Մարեմեան Տիտղոս
Անարատ տաճար, առագաստ լոյսի,
Մայր անհրսնացեալ, Աստուածածին միշտ կոյս.
Մարգարէները գուշակելով քեզ ցոյց տուին.
Ծառ կեանքի, մէջն աստուածատունկ դրախտին.
Մովսէս տեսաւ քեզ անկէզ` մորենիի մէջ,
Եւ սափոր ոսկի, լի մանանայով.
Գէդէոն` գեղմն քաղցր ցօղով լիք,
Սաղմոն տեսաւ քեզ աղբիւր կնքեալ,
Եսայի ծանոյց քեզ, Կոյս յղացեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.