2014-12-07 10:35:21

Իրաքի Քարիթասը, Զուիցերիոյ քարիթասի նուիրատուութեան շնորհիւ, ձմեռնային շտապ օգնութիւն պատրաստած է իրաքի գաղթականներուն համար


(Ռ.Վ 7 դեկտեմբեր 2014) Օգնութիւնները սահմանուած են աւելի քան 25 հազար գաղթական քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց բնակարաններէն հեռացած են իսլամ պետութեան հալածանքներու հետեւանքով. հալածանքներ որոնք երկու միլիոն անհատներ մատնած են գաղթականութեան։
Զուիցերիոյ Քարիթասը կարողացած է ուղարկել 7 հազար մահճակալ ու երաշխաւորել 25 հազար հոգիներու կերակուրի ծրար , որ կը ներփակէ բրինձ, ձաւար, ոսպ եւ սննդարար այլ արմտիքներ։ Քարիթասը ընտանիքներուն կը բաշխէ նաեւ ձմեռնային վերմակներ, զգեստներ ու վառարաններ լաւագոյնս պաշտպանուելու ձմեռուայ ցուրտ եղանակէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.