2014-12-06 15:00:39

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը Իրաքի ժողովուրդին։


(Ռ.Վ 6 դեկտեմբեր 2014) Լիոնի արքեպիսկոպոսը` կարդինալ Ֆիլիփ Պարպէրէն, 100 կամաւորներու ընկերակցութեամբ, 48 ժամուայ տեւողութեան այցելութիւն մը կը կատարէ Իրաքի Էրպիլ քաղաքին, բնակչութեան ապահովելու եւրոպայի եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու աղօթքը, միեւնոյն ատեն մօտէն հետեւելու` Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն ուղարկած մարդասիրական օժանդակութիւններու գործունէութեան։ Յայտնենք որ Ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասէն այլ պատուիրակութիւն մը եւս` անցեալ յուլիսին այցելած էր Իրաքը, մարդասիրական օժանդակութիւններ տանելով տեղահանուած բնակչութեան։
Կարդինալ Պարպարէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Ռաֆայել Լուիս Սաքոյի կողմէ։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Պարպէրէնի յանձնած է պատգամ մը Իրաքի քրիստոնեաներուն, որուն սկիզբը` ողջունելով Իրաքի ժողովուրդը կը յայտնէ համայն Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնն ու սէրը իրենց հանդէպ։
''Ես ալ կ՛ուզէի ձեր մօտ գտնուիլ, բայց քանի որ չեմ կրնար ճամբորդել, այս ձեւով կը յայտնեմ իմ մօտիկութիւնս փորձանքի այս պահերուն'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց վեհանձն վկայութեան, ընդգծելով պատուհասները, մայրերու եւ մանուկներու տառապանքը, տարեցներն ու տեղահանները եւ ամէն բռնութեան զոհ մարդոց վէրքերը։
Ան ապա ակնարկեց Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած խօսքերուն, երբ դատապարտեց ծայրայեղ իսլամներուն արարքները, մատնանշելով քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն կրած անմարդկային հալածանքներուն, իրենց կրօնի կամ ցեղային պատկանելիութեան համար։
''Քրիստոնեաները եւ Եզտիներ իրենց տուներէն բռնութեամբ վտարուեցան եւ ստիպուեցան ամէն ինչ թողուլ իրենց կեանքը փրկելու եւ իրենց հաւատքը չ՛ուրանալու համար։ Բռնութիւնը հարուածեց նաեւ պաշտամունքի վայրերը, յուշարձանները, կրօնական խորհրդանիշերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը, ուրիշի հետքերն ու յիշատակները բնաջնջելու միտումով'' յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով թէ ''Որպէս կրօնապետեր պարտաւորութիւնն ունինք դատապարտելու մարդու իրաւունքերու եւ կեանքի արժանապատութեան դէմ գործուած բոլոր բռնութիւնները''։
Այսօր` կ՛ուզեմ մօտենալ ու մօտ ըլլալ ձեզի որ կը կրէք այս տառապանքը - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մտաբերելով Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան` որ կ՛ըսէր թէ ինք ու Եկեղեցին կը նմանին եղէգի մը որ կը թեքի բայց չի բեկանիր։ Դուք այս պահուս այս եղէգներն էք, դուք կը թեքիք ցաւին` սակայն ուժն ունիք յառաջ տանելու ձեր հաւատքը որ մեզի համար վկայութիւն է։
Նորին Սրբութիւնը ապա հայցեց Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները ու կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան զուգամիտութեան` լուծում գտնելու համար հակամարտութիւններուն որ կ՛արիւնեն շրջանի հողամասերը եւ յաղթահարելու դրդապատճառները որ մարդիկը կը մղեն տեղահանութեան։
''Ես կը մաղթեմ որ դուք վերադառնաք ձեր տուները'' յոյս յայտնեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ապահովացնելով իր եւ համան քրիստոնեայ հասարակութեան աղօթքները, յատուկ օրէն հրաւիրելով քրիստոնեաները` 8 դեկտեմբերին, իրենց` Աստուածամօր ուղղած աղօթքները յատկացնելու իրաքացիներուն։
''Եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր դիմադրութիւնը մարտիրոսութիւն է. պտղաբեր ցող մը. խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար. թող Աստուած ձեզ օրհնէ եւ Աստուածամայրը ըլլայ պահապան։ Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ’', եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.