2014-12-06 10:03:25

Հայաստանի երկրաշարժի 26 տարելիցը...


26 տարի առաջ՝ (1988-ի) 7 Դեկտեմբերին ահաւոր երկրաշարժ մը քարուքանդ աւերեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, տասնեակ հազարներով հայ մարդոց, յատկապէս մանկահասակներու կեանք խլեց եւ, Հայաստանի հետ, ցնցեց ամբողջ աշխարհը։ Այդ օրը, Երեւանէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հաւասարապէս հայ թէ օտար մարդիկ զարհուրանքով հետեւեցան Սպիտակէն սկսած եւ ամբողջ Շիրակի դաշտը մեծ գերեզմանոցի մը վերածած երկրաշարժի ցնցիչ լուսանկարներուն։ Անխտիր ամէնքն ալ ոչ միայն համակուեցան մարդկային եւ նիւթական ծանրագոյն կորուստներու խոր ցաւով, այլեւ սարսափով հաստատեցին, թէ բնութեան դէմ որքա՜ն անզօր են տակաւին մարդ էակն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը… գիտական իրենց բոլոր յայտնագործումներով եւ նուաճումներով հանդերձ։
Միշտ այդ օրը, ժամը ճիշդ 11:41ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի մէջ, ընդհանրապէս Կիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան եւ իրենց փլատակներուն տակ թաղեցին սերունդներու կենսունակութեան արգասիքը։ Կործանարար երկրաշարժը խլեց աւելի քան 35.000 զոհեր, իր ետին ձգեց 130.000 տարբեր աստիճանի վիրաւորներ, իսկ 500.000 հոգի դատապարտեց անտուն ու անօթեւան կեանքի…Մասնագիտական գնահատումով՝ Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 3.000.000.000՝ եւրոյի վնաս պատճառեց։
Այսօր մեծագոյն մասով վերականգնած է Աղէտի Գօտին։ Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակ։ Կիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ՝ Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները։Թէեւ դեռ չէ անցած կսկիծը հարիւր հազարաւորներու, որոնք երկրաշարժէն 26 տարի ետք ալ տակաւին կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը։ Մասնագէտները դառնութեամբ եւ ընդվզումով կը հաստատեն, որ 1988ի կորուստներուն 80 տոկոսը հետեւանք էր շինարարական խղճմտութեան պակասին։
Այս բոլորով հանդերձ՝ Սպիտակի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ։ Ոչ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլեւ՝ մէկ մարդու պէս Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական կամրջումը։
Վերանկախացեալ Հայաստանը պատմական տարողութեամբ բախտորոշ ամբողջ ճամբայ մը հարթած ու կտրած է Սպիտակի երկրաշարժէն ասդին։ Բայց ամէն տարի, Դեկտեմբեր 7ի օրը, աշխարհով մէկ տարածուած ողջ հայութիւնը, անդարմանելի կորուստի կսկծանքով իր հայեացքը կը կեդրոնացնէ Սպիտակի երկրաշարժին սպիացող վէրքերուն եւ սպի չկապող ազգային ցաւերուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.