2014-12-06 15:15:49

Կարդինալ Փարոիլնը այցելեց ''Մանուկ Յիսուս'' Մանկական բազմաբուժարանը ։


(Ռ.Վ. 6 դեկտեմբեր 2014) Շաբաթ` 6 դեկտեմբեր առաւօտեան ժամը 11ին, Վատիկանի Պետական քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այցելութիւն կատարեց ''Մանուկ Յիսուս'' հիւանդանոցին, հիւանդ մանուկներուն, անոնց ծնողաց եւ հիւանդանոցի աշխատաւորներուն փոխանցելու ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւնները ինչպէս նաեւ բացում կատարեց հիւանդանոցի վերանորոգուած պատմական մատուրին ուր զետեղուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մասունքները եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի քահանայապետական գլխարկը։
Մանկաբուժարանի խնամակալական կազմին այս առթիւ արտասանած իր շնորհակալական խօսքին մէջ Կարդինալ Փարոլինը յայտնեց թէ ''աղմուկը բարիք չ՛ընէր, մինչ բարիքը աղմկարար չէ, առ այդ աւելորդ է աղմուկ աւելցնել բոլոր ձեր կատարած բարիքներուն''։ Ան ապա մատնանշեց թէ հոն կը գտնուի յանուն Սրբազան Քահանայապետին եւ հպարտ է բազմաբուժարանի քրիստոնէական եւ մարդկային հոգիով տարուած գործունէութեամբ։
''Երբ սէր կայ, երբ կայ զօրակցութեան հոգի եւ ուշադրութիւն ուրիշին հանդէպ, նոյնիսկ ամենավատ բաները նուազ վատ կը դառնան, որովհետեւ սէրը կարող է բարեփոխել նոյնիսկ տհաճ իրողութիւնները'', ըսաւ միշտ կարդինալը Փարոլինը, քաջալերելով յառաջ ընթանալ սիրոյ ճանապարհով ու յորդորելով` ''Եթէ ամէն մէկը քիչ մը սէր դնէ այս աշխարհին մէջ, այն ատեն կարող կ՛ըլլանք բարեփոխել աշխարհը։ Այս է նաեւ սուրբ Ծննդեան պատգամը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.