2014-12-06 10:47:58

Ինտոնեզիայի Կաթողիկէ-բողոքական եկեղեցապետերու պատգամը Յիսուսի ս. Ծննդեան առթիւ։


(Ռ.Վ. 6 դեկտեմբեր 2014) ''Աստուծոյ Միածին Որդին` Էմմանուէլը մարդացաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ''։
''Ընտանիքը վայրն է Աստուծոյ ներկայութեան եւ յոյժ կարեւոր դեր կը կատարէ փրկութեան պատմութեան մէջ'', կը հաստատեն Ինտոնեզիայի Կաթողիկէ-բողոքական եկեղեցապետերը, Յիսուսի ս. Ծննդեան առթիւ հրատարակած իրենց միացեալ պատգամին մէջ որուն խորագիրն է ''Աստուծոյ հանդիպիլ ընտանիքին մէջ''։
Եկեղեցապետերը ցաւով կը դիտեն ընտանեկան հաստատութեան յեղաշրջումը։ Ընտանեկան յարկէն ներս կը գտնենք բազմաթիւ հարցեր. Չքաւորութիւնը, առողջութիւնը, պատշաճ բնակարանի պակասը, զաւակներու դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, տնային բռնութիւնը, ալքոլամոլութիւնը եւ թմրամոլութիւնը։
Ընտանիքը ականող այլ հարցեր` վիժումը, մարմնավաճառութիւնը եւ մարդկային էակներու վաճառքը։ Ընտանիքը այսօր միշտ մխրճուած է անհատապաշտութեան մէջ։ Յաչս այս իրավիճակին հարկաւոր է վերագտնել արժէքներ որ կը պանծացնեն սիրոյ կապը, ուղղամտութիւնը ու պատասխանատուութիւնը։ Երբ դժուար է զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը, աղօթքը եւ Աստուածաշունչի ընթերցումը էական կը դառնան։
Ի պատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան, կը կարդանք պատգամին մէջ, պատրաստենք մեր օճախներն ու ընտանիքները պատշաճօրէն ընդունելու Էմմանուէլը մեր մէջ։ Որպէսզի ընտանիքը դառնայ շնորհք եւ օրհնութիւն իւրաքանչիւրիս ու համայն աշխարհին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.