2014-12-06 11:04:12

Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը յանձն կ՛առնէ պայքարիլ ցանցի չարչրկումին դէմ։


(Ռ.Վ. 6 դեկտեմբեր 2014) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը երախաներու իրաւունքի դաշնագրին 25-րդ տարեդարձին առթիւ] մտադիր է մասնակցիլ ցանցի չարչրկումին դէմ միջազգային քարոզութեան։
Մանկութեան կաթողիկէ միջազգային գրասենեակը ցայժմ կարողացած է հաւաքել 10.064 ստորագրութիւններ' ցանցի չարչրկումին դէմ։
Երեքշաբթի 9 Դեկտեմբերին ռատիովատիկանի ալիքներու վրայ պիտի ներկայացուի վերոյիշեալ ստորագրութիւններու նշանակութիւնը։
Ցանցի իրաւունքի Դիտարանը 2013-ին հարցաքննութիւն կատարած է 20 հազար եւրոպացի անչափահասներու մօտ, որուն արդիւնքը խիստ մտահոգիչ եղած է, քանի անչափահասներու մէկ երրորդը կը խոստովանի թէ զոհ եղած է ցանցի չարչրկումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.