2014-12-05 09:27:39

Րաբունապետ Սքորքայի գնահատումով ''ստրկացնողներուն'' պէտք է կիրակուի բարձրագոյն պատիժը։


(Ռ.Վ. 5 դեկտեմբեր 2014) Համաշխարհային գետնի վրայ մեծ աղմուկ արձագանգեց Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի կրօնապետերու մարդկային էակներու ստրկութեան դէմ նիւթով վեհաժողովը եւ որուն աւարտին ստորագրուեցաւ միացեալ Յայտարարութիւն մը։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շրջապատուած աշխարհի մեծագոյն 11 կրօնապետերու ներկայացուցիչներով, ո մարդկային ստրկութիւնը որակեցին մարդկութեան դէմ ոճիր մը եւ կոչ ուղղեցին ամէն հաւատացեալի եւ բարի կամք ունեցող ամէն անհատի պայքարելու ստրկութեան բոլոր երեւոյթներուն դէմ, որուն զոհ են աւելի քան 30 միլիոն անհատներ։ Պատմական փաստաթուղթը
ստորագրողներու շարքին էր նաեւ րաբունապետ Աբրահամ Սքորքա` տնօրէնը լատինամերիկայի րաբունիներու Պուէնոս Այրէսի դպրեվանքին եւ մեծ բարեկամը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով ան ըսաւ. Այս ստորագրութիւնը անհաւատալի կարեւորութիւն մը ունի, որովհետեւ ներկայիս կ’ապրինք անցեալի ստրկութեան իրականութիւնը։ Այսօր կայ` աշխատանքի, մարմնոյ անդամներու վաճառքի եւ մարմնավաճառութեան ստրկութիւնը ու պէսպէս այլ ստրկութիւններ։ Այս իրականութիւնը պէտք է բոլորովին ոչնչանայ մարդկային իրականութենէն։ Ո՞վ որ կը շահագործէ մարդ էակը պէտք է ամենածանր պատիժի ենթարկուի։ Ամէնքս կանչուած ենք ապրելու լաւագոյն կեանք։ Աստուած մեզի պարգեւեց մտային մեծ կարողութիւն մը որուն պէտք է ընկերանայ նաեւ բարոյականութիւնը, որ ամէնուն յայտնիէ Ս. Գիրգին մէջ։ Րաբունապետ Սքորքա ըսաւ Կրօնները կը շարունակեն իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել աշխարհի մէջ։ Երբ կրօնը կը ցոլացնէ խոր արժէքն ու բարոյականը կարող է բարեփոխել շատ մը բաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.