2014-12-05 09:13:47

Ս. Երկրի Պահակին համար խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքէն շատ հեռու է։


(Ռ.Վ. 5 դեկտեմբեր 2014) Հայր Փիցցապալլա` Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն մարմնին ներկայացնելով Պաղեստինի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու ներկայ կացութիւնը ըսաւ. ''Տարակոյս չկայ որ խաղաղութենէն շատ հեռու ենք եւ ոչ մէկ բարեշրջում կը տեսնեմ մօտ ապագային մէջ''։ Ֆրանչիսկեան հայր Փիցապալլայի կարծիքով շատ տարիներ պէտք են, մոռնալու ատելութեան տարիները։ Հարկաւոր է նախ սկսիլ դպրոցէն եւ ապա ընկերութենէն ներս։
Պաղեստինցիները յոգնած են խոստումներէն, մինչ հրեաները պէտք են ընդունիլ խօսակիցի ներկայութիւնը։ Երուսաղէմի վիճակը միշտ լարուած է, կրօնական տարրը մեծ ազդեցութիւն ունի, հարկաւոր է որ իշխանութիւնները աշխատին հանդարտեցնելու սոյն կացութիւնը։
Դժբախտաբար այս իրավիճակի առաջին զոհերն են քրիստոնեաները, որոնք պայուսակը ձեռքերնին պատրաստ են գաղթի, միմիայն վերջին 2-3 ամիսներուն, 19 քրիստոնեայ ընտանիքներ գաղթած են Եւրոպա կամ Ամերիկա։ Տարակոյս չկայ որ իսլամ պետութեան վայրագութիւնները Իրաքի քրիստոնեաներու դէմ ժխտականօրէն կը նպաստեն Ս. Երկրի քրիստոնեաներու գաղթին։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար 2014 տարին եղաւ համազօր Եւրոպայի առաջին աշխարհամարտին։ Ամէն բան փոխուեցաւ։ Սուրիոյ մէջ, օրինակի համար հարկ է վերակազմել քրիստոնեայ հասարակութիւնը ու վերատեսել կապը իսլամ մեծամասնութեան հետ։ ''Մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ Կը գտնուինք'', եզրափակեց Ֆրանչիսկեան հայր Բիցապալլա։








All the contents on this site are copyrighted ©.