2014-12-05 08:36:04

Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցին կը տօնախմբէ ‘’Աստուածաշունչի կիրակին’’։


(Ռ.Վ. 5 դեկտեմբեր 2014) ‘’Անսալ, խորհրդածել ու հռչակել’’ այս է 2014-ի նիւթը ‘’Աստուածաշունչի կիրակիին’’, որ Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցին ամէն տարի կը յիշատակէ Յիսնակացի Բ. Կիրակին։ Նախաձեռնութեան նպատակն է յատուկ ուշադրութեամբ անսալ Աստուծոյ խօսքին, Ս. Գիրքի ընթերցումով ու խորհրդածութեամբ, ժողովրդապետութիւններու ու տուներու մէջ։ Հարկաւոր է ամէն ջանք թափել ցոյց տալու որ Աստուծոյ խօսքը լուծումն է մեր հարցերուն, մեր արժէքներուն ու գոհացումը մեր ձգտումներուն։ Եպիսկոպոսներու գնահատումով ‘’Աստուածաշունչի կիրակին’’ Աստուծոյ խօսքը, օր ըստ օրէ ամէնուն կեանք կու տայ։ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը մեզի կը յիշեցնէ հարկաւորութիւնը պատրաստուելու Յիսուսի գալստեան։ Ան մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած միշտ հաւատարիմ եղած է իր խոստումներուն։ Եպիսկոպոսները իրենց պատգամը կ՛եզրափակեն գրելով. Մինչ կը պատրաստուինք Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնին սիրով յարինք ‘’Աստուածաշունչի կիրակիին’’ անսալով, խորհրդածելով ու հռչակելով Աստուծոյ խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.